Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ՆԱՓՈԼԻԻ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԸ՝ ՄԱՐԱՏՈՆԱՅԻ ԱՆՈՒՆՈՎ
Իտալական «Քուրիերէ տէլ Մեցցոճիորնօ»ի համաձայն, նափոլիցի քաղաքական գործիչ Անթոնիօ տէլ Փիանօ կ՚առաջարկէ Նափոլիի մարզադաշտը կոչել Տիեկօ Մարատոնայի անունով:
Ներկայիս, Նափոլիի Սան Փաուլօ մարզադաշտը վերանորոգման կարիքը ունի: Աշխատանքները կատարելէ ետք միայն, նպատակայարմար պիտի ըլլայ այդ անուանափոխութիւնը կատարել:
Վերոնշեալ աղբիւրը իր այս լուրը կ՚եզրափակէ նշելով, որ արժանթինցի Տիեկօ Մարատոնա 1984- 1991 թուականներուն միջեւ մաս կազմած է Նափոլիի:
Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016