ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Արցախի ենթարկուած յարձակումներու մթնոլորտին մէջ հոգեւոր միասնականութեան մէջ կը պահէ իր հօտը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ երեկոյեան Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միասնական աղօթք մը՝ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Հայրենիքի եւ հայրենեաց պաշտպան զինուորներուն համար կատարուած միասնական աղօթքին ներկայ գտնուեցան ներքին թեմերու առաջնորդները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներուն մօտ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ ու միաբաններ, որոնց կազմած թափօրին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ զինուորականներ։ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ տաճար մուտք գործեց Վեհափառ Հայրապետը, որ առաջնորդուեցաւ դէպի խորան։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անսասանութեան եւ խաղաղութեան համար։ Աւագ խորանին առջեւ Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց ծնրադիր՝ հայցելով Երկնաւորէն. «Եւ արդ՝ մենք ամենեքեան խոնարհեալ անկանիմք առաջի Քո եւ հայցեմք յամենառատ ողորմութենէդ Քումմէ, Տէր Աստուած մեր, զի պահեսցես եւ պահպանեսցես զՀանրապետութիւնք Հայաստան եւ Արցախ աշխարհաց ի խաղաղութեան, ի բարօրութեան եւ յանսասանութեան…»։
Հոգեւորականաց դասը նաեւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուց մարտերու ընթացքին եւ սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ զոհուած նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար։
Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այսօր համախմբուած ենք միասնաբար աղօթք բարձրացնելու մեր երկրի ու մեր ժողովուրդի խաղաղ ու ապահով կեանքի, հայրենեաց սահմանները պաշտպանող հայոց բանակի հրամանատարներու եւ զինուորներու անվտանգ ու յաղթական ծառայութեան համար»։
Ան ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններէն վերջ ժողովուրդը հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան զօրեղ զգացումով ինքնաբուխ զօրաշարժի մը անցած է։
«Մենք քրիստոնեայ ժողովուրդ ենք, հետեւորդ աստուածապատուէր խաղաղութեան ու համերաշխութեան, նախանձախնդիր՝ աստուածաշնորհ ազատութեան։ Հայրենիքի խաղաղութիւնը, ազգի ազատ կեանքի պաշտպանութիւնը սրբազան առաքելութիւն է մեզի համար։ Մեր ժողովուրդը, որ իր պատմութեան ընթացքին օրհասական վտանգներու դէմ համախումբ, իր հաւատքի ուժով եւ ոգիի արիութեամբ բազում յաղթանակներ կերտած է, այսօր եւս նոյն յանձնառութեամբ հերոսաբար կանգնած է ընդդէմ վայրագութիւններու ու բռնութիւններու, ընդդէմ պարտադրուած պատերազմի՝ վերահաստատելու համար խաղաղութիւնը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր աղօթքը, օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, հրամանատարներուն եւ զինուորներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը աղօթք առաքեց առ Աստուած աշխարհի եւ հայոց հայրենիքի խաղաղութեան համար։
Մինչ այդ, Ամենայն Հայոց Հայրապետը երէկ Երեւանի մէջ այցելութեան փութաց այն վիրաւոր զինուորներուն, որոնք Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ ենթարկուած են դարմանումի։
Միւս կողմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ երէկ դարձեալ կապ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ամբողջ Սփիւռքը զօրակոչի ենթարկուած է Արցախի կողքին ու պատրաստ է օժանդակելու՝ միակամ ոգիով։
Եկեղեցական
- 02/24/2025