ՅԻՇԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
«Թոփհանէի Ամիրէ» մշակոյթի եւ գեղարուեստի կեդրոնը, որ կը գործէ «Միմար Սինան» համալսարանի հովանաւորութեան ներքեւ, այս օրերուն կը հիւրընկալէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ ցուցահանդէս մը։ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կը կոչուի «Որպէս նուռ»։ Կարգախօսը այն է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ ոչ թէ մոռնալու, այլ յիշելու ժամանակն է։
Օրլանտօ Քարլօ Քալումենոյի քարտփոստալներու ժողովածոյէն ընտիր հաւաքածոյի մը ընտրանիի հիման վրայ պատրաստուած է այս ցուցահանդէսը։ Քիւրաթէօրն է Կիւզին Էրքան։ Այդ քարտփոստալները առիթ կը հանդիսանան պատկերացնելու համար, թէ ներկայիս հայկական ժառանգութեան որքան վիթխարի մէկ բաժինը արդէն անհետացած է անվերադարձ։
Օրլանտօ Քարլօ Քալումենոյի քարտփոստալներուն առընթեր այս ձեռնարկը կը ցոլացնէ հայկական հարցին վերաբերեալ պաշտօնական տեսակէտներու եղափոխութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ անցեալ եւ նախանցեալ տարիներուն կատարուած յայտարարութիւններէն մէջբերումներ ներկայացուած են մեծադիր պաստառներու վրայ։ Նոյն միջավայրին մէջ ներկայացուած են նաեւ ԱՍԱԼԱ-ի ահաբեկչութիւններուն հետեւանքով նահատակուած թուրք դիւանագէտները, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առկայ փակուղիին վերաբերեալ Անգարայի մօտեցումները։ Արդի թեքնիկ հնարաւորութիւններու ընձեռած բոլոր կարելիութիւնները օգտագործուած են այս ցուցահանդէսին համար, որու այցելուներուն տրամադրութեան տակ դրուած են նաեւ Աւրասիոյ հետազօտութիւններու կեդրոնին կողմէ հրատարակուած գրքոյկներ, որոնք պատրաստուած են ներկայացնելու համար 1915 թուականի դէպքերուն շուրջ հայ-թրքական անհամաձայնութեան պատմական ֆոնը։ Գրքոյկին մէջ ընդգծուած է, թէ այնտեղ կատարուած մատնանշումներուն նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել՝ ցեղասպանութեան վերաբերեալ տեսակէտներուն հիմքէ զուրկ ըլլալուն վրայ։
Այս ցուցահանդէսի բացման առթիւ երէկ օրուան առաջին կէսին զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար կազմակերպուեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը։ Աւելի վերջ Օրլանտօ Քարլօ Քալումենօ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ժողովածոյի քարտփոստալներուն շուրջ։
Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը։ Այս առթիւ ելոյթներով հանդէս եկան Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Նաճի Քորու եւ «Միմար Սինան» համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Եալչըն Քարաեաղըզ։
Ներկաներու շարքին էին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաք, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, Արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ, դիւանակալներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Ցուցահանդէսի բացման հանգրուանի ծրագիրը ընդգրկեց նաեւ երաժշտական բաժին մը։ Այս առթիւ կատարումներով հանդէս եկան ամերիկահայ ուտահար Արա Տինքճեան եւ Իսթանպուլի Պետական թրքական երաժշտութեան համոյթը։
Այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Ապրիլի 29-ը։