ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Հայաստանի ղեկավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ կը շարունակէ օրակարգի վրայ բերել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Ներկայ ամսուան սկիզբին Արցախի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ գործուած լայնածաւալ յարձակումը արդէն բաւարար հիմք մը դարձած է՝ որպէսզի միջազգային հանրութիւնը վերյիշէ այս հիմնախնդրին հրապատ բնոյթը։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ռազմական կոմիտէին ժողովը, որու ընթացքին եւս արծարծուեցաւ հիմնախնդիրը։ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժա եւ անդամ երկիրներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահները ժողովի ընթացքին վերահասու դարձան Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններու վերաբերեալ խնդիրներուն։ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Եուրի Խաչատուրով այս առթիւ իր պաշտօնակիցներու նկատառման յանձնեց հայկական կողմին լուրջ մտահոգութիւնը։ Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով անմեղ մարդիկ զոհուած են, ներառեալ խաղաղ բնակիչներ։ Այս հարցին շուրջ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում։
ՀԱՊԿ-ի ժողովին մասնակիցները Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Արծարծուեցան Կովկասի տարածքային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։ Հաւաքական հանդիպման առընթեր Սերժ Սարգսեան առանձին տեսակցութիւն մըն ալ ունեցաւ Նիքոլայ Պորտեուժայի հետ։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ հարցը շօշափեց Փեքինի մէջ՝ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին։ Նալպանտեան մանրամասն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Ան կանգ առաւ նաեւ կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն վրայ ու շեշտեց, թէ անոնք համահունչ են միջազգային հանրութեան կողմէ միջնորդական առաքելութիւն իրականացնող միակ ձեւաչափին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու միասնական դիրքորոշման։ Վան Եի վերահաստատեց Փեքինի ղեկավարութեան աջակցութիւնը՝ հիմնախնդրի բանակցային ճանապարհով բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։
ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ դարձեալ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովի եզրափակիչ հանգրուանին։ Ծանօթ է, որ այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ վերջին օրերուն այս հարթակին վրայ միշտ օրակարգի վրայ էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Ժողովներու եզրափակիչ հանգրուանին Էրտողան երէկ ըսաւ, թէ շուրջ քսանհինգ տարիէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուի հայոց բռնագրաւման տակ։ Հակառակ ՄԱԿ-ի կողմէ Ատրպէյճանին ի նպաստ տրուած որոշումներուն, այս հիմնախնդիրը տակաւին չէ կարգաւորուած։ Էրտողան կրկնեց, որ իրեն համար անհասկնալի մնալ կը շարունակէ այն հանգամանքը, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համնախագահները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա չեն կրնար լուծում մը ապահովել հիմնախնդրին։ Էրտողան կրկնեց նաեւ Ատրպէյճանի պայքարին ի նպաստ Թուրքիոյ աջակցութիւնը։