ՆԱԹՕ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ աւարտեց Անգարայի իր շփումները, որոնց շրջագծով տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Այս կապակցութեամբ ընդհանուր քարտուղարը հարցազրոյց մը տուաւ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, մինչ այսօր ալ կ՚այցելէ Չեշմէ՝ Եգէականի մէջ գաղթականաց անցքին դէմ սկսած ՆԱԹՕ-ի գործողութիւններուն ականատես ըլլալու համար։
Եէնս Սթոլթենպերկ նշեց, թէ Անգարայի մէջ իր երկխօսները օրակարգի վրայ բերած են Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ թռիչքներու համար արգիլեալ գօտի մը ստեղծելու պահանջը։ Ան ընդգծեց, որ ՆԱԹՕ ուղղակիօրէն միջամուխ չէ այս հարցին։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա վաղուց կը պահանջէ Սուրիոյ օդային մարզէն ներս թռիչքներու համար փակ գօտիի մը ստեղ-ծըւիլը։ Եէնս Սթոլթենպերկ անդրադարձաւ նաեւ այն հարցին, որ գլխաւորութեամբ Քիլիսի՝ Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններէն ներս կը յառաջանան լարուածութիւններ։ Դաշինքը առկայ իրավիճակին մէջ կը պատրաստուի իր զօրակցութիւնը աւելցնելու ի նպաստ Թուրքիոյ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Եէնս Սթոլթենպերկ շեշտեց, որ Եգէականի մէջ նոր ճանապարհներ կը գտնեն ապօրինի գաղթ կազմակերպողները։ Ընդհանուր քարտուղարը նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին հետ ալ քննարկեց տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Սուրիոյ ճգնաժամի գծով յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ հրադադարի դրութիւնը պէտք է անպայման պահպանուի, պէտք է արագացուին մարդասիրական օգնութեան փոխադրումները։ Սթեֆան տը Միսթուրա աւելցուց, թէ Սուրիոյ մէջ իրադրութեան կարգաւորման բանալին կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ձեռքը։