ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գար­եգին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նը վեր­ջերս ե­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղով մը կազ­մա­կեր­պեց Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րենց օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րած էին Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի «Հա­յաս­տա­նեան կլոր սե­ղան» հիմ­նադ­րամն ու ՄԱԿ-ի Բնակ­չու­թեան հիմ­նադ­րա­մը։

«Երբ ԵՍ-ը կը դառ­նայ ՄԵՆՔ» խո­րագ­րեալ ե­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վի նպա­տակն էր դպրոց­նե­րու մէջ ծնող­նե­րու եւ ա­շա­կեր­տու­թեան հետ քա­հա­նա­նե­րու հան­դի­պում­նե­րու մի­ջո­ցաւ ո­րո­շել ըն­տա­նե­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման եզ­րե­րը եւ զա­նա­զան ճգնա­ժա­մե­րէ խու­սա­փե­լու հո­գե­ւոր ճա­նա­պար­հը։ Հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան շուրջ ե­րե­սուն հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, նա­խա­ձեռ­նարկ կեդ­րո­նի աշ­խա­տա­կից­ներ եւ հիւ­րեր։

Հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։

Հա­մա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով հա­մա­պա­տաս­խան լսա­րան­նե­րու մէջ ծա­ւա­լուե­ցան ման­րա­մասն քննար­կում­ներ՝ ըստ խնդիր­նե­րու կամ նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն։

Հա­մա­ժո­ղո­վի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ամ­փո­փուե­ցան լսա­րան­նե­րու քննար­կում­նե­րը, ո­րոնց լոյ­սին տակ յստա­կե­ցուե­ցաւ ու­ղեն­շա­յին ծրագ­րեր։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2016