ՌԱՄԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Երեւանի մէջ կազմակերպուած վերականգնումի ու վերամիաւորման շարժման եռօրեայ համաժողովը հասաւ իր աւարտին։ Այս առթիւ կուսակցութեան յառաջատար ներկայացուցիչները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որով ամփոփեցին համաժողովին շրջագծով կատարուած աշխատանքը։ Ասուլիսի հիմնական ատենախօսներն էին՝ Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Յակոբ Գասարճեան եւ Յակոբ Աւետիքեան։
Մինչ այդ, ՌԱԿ-ի կողմէ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը կուսակցական պատուիրակութեան հետ տեսակցեցաւ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ։ Տեսակցութեան ընթացքին Յակոբ Աւետիքեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց Երեւանի մէջ կազմակերպուած համագումարին շրջագծով իրականացուած աշխատանքը։ Ան ընդգծեց, թէ համախմբման հիմնական նպատակն է լուծումներ գտնել՝ յաղթահարելու համար կուսակցութենէն ներս յառաջացած խնդիրները եւ հաստատել վերջնական միասնականութիւն, ետին թողլով պառակտումը։ Աւետիքեան ընդգծեց, որ կուսակցութեան բոլոր անդամները անմնացորդ նուիրում ու սէր ունին Հայաստանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր ազգընտիր գահակալին նկատմամբ։ Աւետիքեան ուրախութիւն յայտնեց, որ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնը օրէ օր կը զարգանայ ու կը բարգաւաճի՝ շնորհիւ Հայոց Հայրապետի իմաստուն եւ ազգաշէն գործունէութեան։
Իր կարգին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը Սուրբ Էջմիածին։ Ան կարեւորեց կուսակցութեան պատմական առաքելութիւնը աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ անոր անսակարկ նուիրումը՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նաեւ ՌԱԿ-ի անդամները, որոնք մշտապէս զօրավիգ ու աջակից են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան իրականացման ուղղութեամբ։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ Արցախ կատարած վերջին այցելութեան։ Ան ընդգծեց, որ Արցախի մէջ ականատես եղան մարտիկներու քաջութեան ու սխրանքին եւ հայ ժողովուրդի միասնական ոգիի դրսեւորման։ Վեհափառ Հայրապետը նոյն միասնականութիւնը մաղթեց նաեւ ՌԱԿ-ի անդամներուն՝ յոյս յայտնելով, որ ազգային կուսակցութիւնը ուժ պիտի գտնէ իր մէջ միաւորուելու եւ առկայ խնդիրները լուծելու հարցին մէջ։
Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։