1915-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԸ
«Tert.am» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
1915։ Անցեալ տարի 100-րդ տարելիցն էր։ Մէկ դարը քիչ չէ՝ եղածը յաղթահարելու համար։ Ու այդ իմաստով, այս տարին աւելի կարեւոր է, քան անցեալ տարին, այս տարուան Ապրիլի 24-ին պիտի երեւայ՝ մենք Եղեռնը յաղթահարած ենք, թէ չէ։
Յաղթահարելու ճանապարհը մոռնալը չէ, այլ ճիշդ յիշելը։ Թէ ինչո՛ւ եղաւ այն, ինչ որ եղաւ։ Գլխաւոր պատճառը։ Թուրքերու բարբարոսութիւնը չէր գլխաւոր պատճառը։ Ոչ ալ մեր թուլութիւնն էր՝ «այնքան թոյլ էինք մեզ կոտորեցին»։ Եթէ մենք այնքան թոյլ ըլլայինք, որ թուրքերու համար վտանգ չներկայացնէինք, մեզ վերացնելու կարիքը զգալի չէր ըլլար։ Հայերս ուժ էինք Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Թուրքերը տեսան մեր ուժը եւ այդ ուժի սլաքը իրենց դէմ ուղղուած էր։ Կապ չունի՝ մեր կուսակցութիւնները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ պետութիւն ստեղծելու ծրագիր ունէին, թէ չէ, եթէ նոյնիսկ այդ ժամանակ չունէին, ապագային կ՚ունենային՝ ուժը կար։ Թուրքերը տեսան մեր ուժը եւ հիմքէն վերացուցին, նախքան մենք հասնէինք այդ ուժը կազմակերպել։ Այդ էր գլխաւոր պատճառը՝ այն, որ մենք մեր ուժին տէր կանգնիլ չկարողացանք։ Ու կորսնցուցինք Արեւմտեան Հայաստանը։
Այդ ամէն ինչը դար մը առաջ էր։ Եղեռնին յաջորդեցին Առաջին Հանրապետութեան երկու տարիները, յետոյ Սովետական Միութեան տասնամեակները։ Առաջին Հանրապետութիւնը փաստօրէն տակաւին կարգին չծնած մահացաւ։ Իսկ սովետական տարիները, պետականութեան առումով, ընդմիջման տարիներ էին, նաեւ՝ ուժանիւթ հաւաքելու տարիներ։ 1988-ին այդ ուժանիւթը պայթեցաւ։ Եւ Սովետական Միութեան աւերակներուն վրայ 1991 թուականին ստեղծուեցաւ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Հայաստան նոր պետութեան ստեղծման առաջին իսկ տարիները պատերազմի տարիներ էին եւ այդ պատերազմին մէջ մենք յաղթեցինք։ Յետոյ կարգ մը բաներ սխալ ընթացան։ Յաղթանակը մոռցուեցաւ։
Մեր յաղթանակը մոռնալ վտանգաւոր է։ Վտանգաւոր է երկու առումով։ Նախ, եթէ յաղթանակը կը մոռնաս, երկրիդ մէջ տիրող մթնոլորտը, ինքնավստահութեան ու լաւատեսութեան փոխարէն, կը լեցուի ժխտականութեամբ ու յոռետեսութեան. բան մը, որուն բոլորին ականատես ենք։ Բայց աւելի մեծ վտանգ մըն ալ կայ։ Եթէ մենք մոռնանք մեր սեփական յաղթանակը, այդ չի նշանակեր, որ մեր հակառակորդն ալ պիտի մոռնայ զայն։ Չէ, պիտի յիշէ։ Պարտութիւնն ու կորուստը անհնար է մոռնալ։ Մեր հակառակորդը պիտի յիշէ կորուստը եւ պիտի փորձէ ետ բերել։ Ուրեմն պէտք է տէր կանգնիլ յաղթանակին։
Յաղթանակին տէր կանգիլ՝ կը նշանակէ որպէս պետութիւն համարժէք ըլլալ այն յայտին, զոր ներկայացուցած ես։ Ատըրպէյճանի դէմ տարած մեր յաղթանակը այս տարածքաշրջանի ուժեղ պետութիւնը ըլլալու յայտն էր։ Մանկամտութիւն կ՚ըլլայ մոռնալ այդ մասին։ Եթէ մենք նոյնիսկ մոռնանք, մեր կողքինները կը յիշեն։ Ուրեմն պէտք է տէր կանգինք մեր յայտին եւ առաջին քայլը ըրած ըլլալով, ընենք նաեւ երկրորդը՝ կառուցենք այդ ուժեղ պետութիւնը։ Ուրիշ տարբերակ չկայ։ Ուրիշ տարբերակը աղէտն է։