101-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ
Վաղը՝ 24 Ապրիլ 2016… Արդէն 101 տարի անցած է 1915-էն ի վեր։ Այս շաբաթավերջին համայն աշխարհի հայութիւնը կ՚ոգեկոչէ իր սրբադասեալ նահատակները։ Անցեալ տարի նշուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը բնորոշեց նոր հանգրուան մը։ Այս տարի նոր մտայնութեան մը, նոր մօտեցումներու թթխմորով կ՚ոգեկոչուին հայոց նահատակները՝ երկիւղածութեամբ, բիւր յարգանքով ու խոնարհումով։
Ապրիլի 24-ին առթիւ համայն հայութեան ուշադրութիւնը դարձեալ կեդրոնացած է Ծիծեռնակաբերդի վրայ, ուր վաղը ոգեկոչման արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան՝ Մեծ Եղեռնի սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան հայցով։ Այս առաւօտ Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկրորդ կլոպալ ֆորումը՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքով։
Թուրքիոյ մէջ եւս հերթական անգամ պիտի ոգեկոչուին հայոց Եղեռնի զոհերը։ Այս տարի Իսթանպուլի հիմնական ոգեկոչման արարողութիւնը վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Թիւնէլի հրապարակին վրայ, ի տարբերութիւն անցեալ տարիներէն, երբ ոգեկոչումներու հասցէն էր Թաքսիմի հրապարակը։ Վաղը առաւօտ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ալ յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպաման ալ հրապարակեց Ապրիլի 24-ի պատգամը։ Սա իր պաշտօնավարութեան շրջանի վերջին պատգամն է, որու բովանդակութեան մէջ ան դարձեալ չէ օգտագործած «ցեղասպանութիւն» բառը։ Բառամթերքի այդ նախընտրութիւնը դարձեալ չէ գոհացուցած հայկական կողմը։ Թուրքիան ալ Օպամայի պատգամին հակազդեց՝ անոր բովանդակութիւնը համարելով միակողմանի։