ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը, օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, լոյս ընծայեց հոգելոյս Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Բաստամեանցի (1842-1881) կանոնագիտական երկերու ժողովածոն։
Պատմաբան Տքթ. Ազատ Բոզոյեանի աշխատասիրութեամբ կազմակերպուած այս գիրքին մէջ ներկայացուած են «Եկեղեցական իրաւագիտութիւն» դասախօսութիւններու տէրերը եւ հոգելոյս հեղինակին կողմէ գրի առնուած ու «Փորձ» ամսագրին մէջ ժամանակին հրատարակուած «Ամուսնութիւնը ըստ հայոց իրաւաբանութեան» աշխատութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս գործը հայ իրաւագիտական մտքի պատմութեան սկզբնաւորութեան հիմք կը համարուի։
Բաստամեանցի իրաւագիտական աշխատութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ «Եկեղեցական իրաւագիտութիւնը», որ մեր օրերուն հասած է Երեւանի Մատենադարանէն ներս ի պահ դրուած եզակի ձեռագրին միջոցաւ։ Երկրորդ աշխատութիւնը ամենայայտնիներէն մին է, որովհետեւ գործածուած է ամուսնութեան նիւթին հետ առընչակից հայագիտական գրեթէ բոլոր հրատարակուած աշխատութիւններուն մէջ։ Այս արժէքաւոր ժողովածոն տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։