ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔ
Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութենէն զանազան շրջանակներ այս տարի եւս նշեցին Ապրիլ 24-ը։ Սա արդէն հետեւողական յարգանքի մը դրսեւորումը դարձած է։ Այս տարուան ոգեկոչումները կազմակերպուեցան «DurDe!» հարթակի, EGAM-ին, Մարդու իրաւանց միութեան եւ «Նոր Զարթօնք»ին կողմէ։ Մեծ Եղեռնի զոհերը վերյիշուեցան Հայտարփաշայի կայարանին մօտ եւ Թիւնէլի հրապարակին վրայ կազմակերպուած արարողութիւններով։ Ծանօթ է, որ այս տարի Թաքսիմի հրապարակին փոխարէն Թիւնէլի հրապարակին վրայ տեղի ունեցան ոգեկոչումները, որոնց ընթացքին նուագուեցան հայկական ժողովրդական երաժշտութենէն գործեր, նաեւ ընթերցուեցան նահատակ մտաւորականներուն անունները։
Այս տարուան տարբերութիւններէն մին ալ ապրուեցաւ կազմակերպիչներու իմաստով։ Արդարեւ, վերջին տարիներուն Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղը կը գտնուէր Իսթանպուլի ոգեկոչումներու կազմակերպիչներու շարքին։ Այս տարի ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի կառոյցի անունը արդէն չկար կազմակերպիչներու պաշտօնական ցուցակին վրայ, սակայն վերջին տարիներուն այդ աշխատանքը համակարգած Նիքոլա Դաւիթեան մասնակցութիւն բերաւ Թիւնէլի հրապարակի ոգեկոչման։ Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեանն ալ Թիւնէլի հրապարակին վրայ էր։ Այս տարուան ոգեկոչումները տեղի ունեցան խիստ հսկողութեան ներքեւ, իրաւապահ մարմիններէ անվտանգութեան խիստ միջոցներ ձեռք առած էին՝ երաշխաւորելու համար բնականոն ընթացքը։ Սփիւռքէն եւս կային դէմքեր, որոնց մասնակցութիւնը ըստ էութեան համակարգուած էր ֆրանսահայ յայտնի գործիչ Սամսոն Էօզարարատի կողմէ։
Թիւնէլի հրապարակին վրայ ոգեկոչման արարողութեան մասնակիցներուն անունով Էմէլ Քուրմա ընթերցեց մամլոյ յայտարարութիւն մը։ Ան այս առթիւ յայտնեց, թէ պետական միտքը յաճախ կ՚ուղղուի բռնութիւնը կազմակերպելու եւ այս հանգամանքի հիմնաւորումներուն ներթափանցելու համար պէտք է հասկնալ ուրացման աւանդութիւնը։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուած էր, թէ ցեղասպանութիւնը որքան որ սարսափելի յանցագործութիւն մըն է, նոյնքան եւ ծանր յանցագործութիւն մըն էր նաեւ անոր ուրացումը, յանցագործներու թաքցուիլը, այդ աղէտով չառերեսուիլը եւ առերեսման ջանքերուն խոչընդոտուիլը։