ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀԱՅԵԱՑՔ
1915-էն՝ Հայոց Ցեղասպանութնէն 101 տարի վերջ, շաբաթավերջին, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը յուզումնախառն հայեացքով վերյիշեց իր պատմութեան մեծագոյն արհաւիրքը։ Բիւր յարգանքով ու խոր երկիւղածութեամբ, աշխարհի չորս ծագերուն հայութիւնը խնդրեց իր Սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը։ Աշխարհի հայաբնակ գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ, որոնց ընթացքին վերյիշուեցան հայոց Սուրբ նահատակները։
Ամէնուրեք կազմակերպուած արարողութիւններու մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը հերթական անգամ կեդրոնացած էր Երեւանի վրայ։ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը հերթական անգամ մագնիսացուց հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը, քանի որ ան համազգային սրբավայր մը կը համարուի իր յուշակոթողով, ուր վառուած անմար կրակը կը ջերմացնէ բոլորի հոգին։
Հայոց Մեծ Եղեռնի 101-րդ տարելիցին առթիւ շաբաթավերջին Երեւեանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկրորդ կլոպալ ֆորումը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ֆորումը եզրափակուեցաւ յայտարարութիւնով մը եւ անոր յաջորդը 2018-ին դարձեալ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Իսկ երէկ առաւօտեան ժամերուն Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի պետական աւագանին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ։ Իրենց միացած էին Հայաստանի Ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուր եւ արտասահմանէն բազմաթիւ հիւրեր, որոնք վերոյիշեալ ֆորումին եւ «Աուրորա» մրցանաբաշխութեան առթիւ Երեւանի մէջ էին։ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ այստեղ տեղի ունեցաւ կանոնական արարողութիւն։ Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ, Ծիծեռնակաբերդէն վերջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւս տեղի ունեցան արարողութիւններ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլի 24-ի իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Այսօր՝ 2016 թուականի Ապրիլի 24-ին, ես ի լուր աշխարհի կը յայտարարեմ, որ Արցախի մէջ պիտի չըլլայ հայերու բնաջնջում կամ բռնագաղթեցում։ Հայերու նոր ցեղասպանութեան մենք թոյլ պիտի չտանք։ Մենք ըսելով՝ նկատի ունիմ հայ ժողովուրդը, անոր բոլոր հատուածները, նկատի ունիմ հայոց միասնականութիւնը։ Այսօր, գլուխ խոնարհելով մեր անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ, մենք կ՚արձանագրենք մեր ժողովուրդի բացառիկ միասնականութիւնն ու կամքը՝ կառուցելու ազատ, խաղաղ ու ժամանակակից երկիր, համայն հայութեան հզօր հայրենիք, ուր կը վերադառնան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ հրաշքով փրկուածներու սերունդները»։
Իր պատգամին մէջ Սերժ Սարգսեան քննադատական արտայայտութիւններ հասցէագրած էր նաեւ Թուրքիոյ։ Ան այս կապակցութեամբ նշեց հետեւեալը. «Այսօր մենք կ՚ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու յիշատակը։ Մեծ Եղեռնէն ի վեր արդէն անցած է դարէ մը աւելի։ Ի՞նչ փոխուած է։ Առաջինը՝ փոխուած ենք մենք։ Մենք վերածնած ենք որպէս ազգ եւ որպէս պետութիւն։ Մենք զմեզ եւ աշխարհին ապացուցանած ենք, որ թրքական ցեղասպանական ծրագրերը տապալուած են։ Արդարութեան յաղթանակի համար մեր պայքարը կը շարունակուի։ Ի՞նչ չէ փոխուած։ Չէ փոխուած Թուրքիոյ պաշտօնական ժխտողական կեցուածքը եւ թշնամական վերաբերմունքը հայկական ամէն ինչի հանդէպ։ Սա յանցագործութեան ուղղակի շարունակութիւնն է արդէն մեր օրերուն։ Մասամբ փոխուած է թրքական հասարակութիւնը։ Այսօր ան իր պատմութեան մասին գիտէ աւելին, քան գիտէր երէկ։ Վաղը պիտի գիտնայ աւելին, քան գիտէ այսօր, եթէ ի հարկէ չխեղդեն ազատ խօսքն ու մամուլը, չգնդակահարեն եւ չձերբակալեն պատգամաւորները, հասարակական գործիչները ու խմբագիրները։ Ճշմարտութիւնը թէեւ դանդաղ, բայց կը բանայ մարդոց աչքերը»։