«ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԻԼ ՇՐՋԱՊԱՏԻ ՄԱՆՐԷՆԵՐԷՆ»
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ շրջապատի մանրէներէններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հանրային առողջապահութեան մարզի մասնագէտ Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, թէ վերջին շրջանին մեր շուրջը կուտակուած աղբերը կը պատճառեն զանազան մանրէներու բազմացումն ու տարածումը, ինչ որ կրնայ ժամանակի ընթացքին յառաջացնել տարբեր հիւանդութիւններ:
Վերժին Խորշիտեան իր դասախօսութեան սկսաւ՝ սահմանելով եւ բացատրելով, թէ ի՛նչ է մանրէն: Մանրէն ապրող բջիջ մըն է, չափազանց մանր, կարելի չէ տեսնել մեր աչքերով, եւ կը գտնուին ամէն տեղ: Անոնք միշտ վերարտադրուելու, բազմանալու եւ սնանելու վիճակի մէջ են:
Մանրէները 6 տեսակի են, հետաքրքրական է յիշել, թէ մէկ դգալ հողին մէջ կան միլիառաւոր մանրէներ, ինչպէս նաեւ բերնին մէջ կայ 500 տեսակի մանրէ: Բոլոր մանրէները վնասակար չեն, այլ կան զանազան մանրէներ, որոնք ոչ վնասակար ու անհրաժեշտ են տարբեր միջավայրերու մէջ:
Մանրէն կրնայ պատճառել տարբեր հիւանդութիւններ, արտադրելով թոյն՝ կը յառաջացնեն տաքութիւն, գլխացաւ, փսխունք, փորհարութիւն:
Մանրէն կը սնանի տարբեր ձեւերով, ինչպէս՝ արեւու ճառագայթներէն, բոյսերէ, իրենց շրջապատը գտնուող ամէն տեսակի բան ուտելով, ինչպէս նաեւ կրնան յարձակիլ այլ ապրող բջիջներու վրայ:
Երկրորդ բաժինով դասախօսը մանրամասնօրէն բացատրութիւններով ու օրինակներով ներկայացուց, թէ ո՛ւր կը գտնուին կամ պահուըտած են մանրէները:
Մանրէները կը գտնուին ամէն տեղ, խոհանոցի պարագային օրինակ, անոնք կան լուացարանին, սպունգին, աման լուալիք տաշտին մէջ, ինչպէս նաեւ բռնիչներու վրայ, սառնարանին դրան վրայ եւ այլն: Իսկ ննջասենեակի պարագային՝ բարձերու մէջ, սաւաններու վրայ:
Մանրէները բաւական շատ տարածուած են բաղնիքի տարբեր տեղերը, ինչպէս՝ բաղնիքի աթոռին վրայ, լոգանքի վարագոյրին մէջ, բաղնիքի գորգին վրայ, լուացքի կողովին մէջ եւ լոգանքի ու ձեռքի անձեռոցներուն վրայ:
Դասախօսը նշեց նաեւ այլ տեղեր, ինչպէս՝ շպարումի վրձիններու, աչքի լենսերու, ականջի մեքենաներու, բանալիներու, պայուսակներու, հեռախօսի ընկալուչներու, հեռատեսիլի ռիմոթ քոնթրոլի, բջիջային հեռախօսի կոճակներու եւ այլ զանազան տեղեր:
Մանրէներէն կարելի չէ խուսափիլ, բայց նախազգուշական տարբեր ձեւեր կարելի է օգտագործել նուազեցնելու վարակումները՝ յանձնարարելի է պայուսակի մէջ ունենալ հեղուկ օճառ կամ հականեխուած թաց թաշկինակներ, իսկ տան մէջ եղած պարագային տեւաբար ձեռքերը լուալ:
Վերժին Խորշիտեան աւարտին ցուցադրեց դաստիարակչական տեսերիզ, թէ ինչպէ՛ս ճշգրտօրէն լուալ մեր ձեռքերը, ապա զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: