ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կ՚այցելէ Պաքու, իր կողակցին՝ Էմինէ Էրտողանի հետ։ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ իր կողակիցը՝ Միհրիպան Ալիեւա երէկ Պաքուի օդակայանին մէջ դիմաւորեցին Էրտողան ամոլը, որուն ի պատիւ սարքեցին ճաշկերոյթ մը։ Ալիեւներուն կողմէ սարքուած ընթրիքէն առաջ երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան եւ Ալիեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ տարածքաշրջանի առկայ իրադրութիւնը վերլուծեցին՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջին շրջանին ծագած լարուածութեան լոյսին տակ։ Էրտողան եւ Ալիեւ կանգ առին նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ։ Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ գաղթականաց հարցերն ալ նախագահներու զրոյցին ընթացքին եկան օրակարգի վրայ։ Էրտողան եւ Ալիեւ շօշափեցին երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան ընթացքը՝ ուժանիւթի բնագաւառի գլխաւորութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ անոնք առաջնահերթութիւն ընծայեցին TANAP ծրագրի ներկայ հանգրուանին։
Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճան ներկայիս կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի եօթներորդ կլոպալ համաժողովը, որ տեղի կ՚ունենայ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակիցներով։ Էրտողանի Պաքու այցելութեան շարժառիթն ալ այս համաժողովն է։ Հանրապետութեան նախագահը Պաքուի շփումներուն աւարտին կ՚ուղեւորուի Խրուաթիա։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան այս առաւօտ ելոյթ մը ունեցաւ Պաքուի համաժողովին ընթացքին։ Ան յայտնեց, թէ ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքը թէեւ որոշ յաջողութեան մը հասած է, սակայն շատ հեռու է իր հիմնադրութեան նպատակներէն։ «Տակաւին դժբախտաբար չենք կրցած յաղթահարել քարացած կանխակալ կարծիքները եւ այն մտայնութիւնները, զորս մարդիկ կը դասաւորեն իրենց մշակոյթին, դաւանանքին կամ արմատներուն հիման վրայ։ Արմատական հոսանքներուն եւ անոնց կողմէ սնուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շրջագծով չենք կրցած հանդէս գալ՝ մեզմէ ակնկալուած հասարակաց ու վճռական պայքարով», ըսաւ Էրտողան։