ՃՆՇՄԱՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սուրիոյ ընդդիմադիր ու յեղափոխական ուժերու ազգային համախոհութեան նախկին նախագահ Հալիտ Հոճա «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարեց, թէ Սուրիայէ ներս կը ծաւալի Իրան-Ռուսաստան առանցքին ազդեցութիւնը։ Ըստ իրեն, այս երեւոյթը յառաջացած է այն պատճառով, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ է անվտանգութեան գօտիներու ձեւաւորման, իսկ այդ գօտիներուն ձեւաւորումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Սուրիոյ ժողովուրդի փրկութեան տեսակէտէ։
Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի գլխաւորած ղեկավարութեան եւ երկրի ընդդիմադիրներէն բաղկացեալ Բանակցութիւններու բարձր կոմիտէն վերջին շրջաններուն Ժընեւի մէջ վերստին ունեցան հանդիպումներ։ Մեկնաբանելով արդիւնքները՝ Հալիտ Հոճա շեշտեց, թէ ԱՄՆ առկայ կրաւորական դիրքորոշումով կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ կռնակը դարձած է տարածքաշրջանին։ Ուաշինկթըն մերժած է անվտանգ գօտիներու ստեղծումը, ինչ որ դաշտը կը թողու Իրան-Ռուսաստան առանցքին։ Բնականաբար Ռուսաստան եւ Իրան այս հնարաւորութիւնը լաւ օգտագործելով իրենց դիրքերը կ՚ամրապնդեն ոչ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ։
Հալիտ Հոճայի խօսքերով, Սուրիոյ ընդդիմադիրները յամառօրէն կը պաշտպանեն քաղաքական լուծումը։ Անոնք ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տը Միսթուրային ներկայացուցած են աշխատանք մը՝ քաղաքական անցումային գործընթացին վերաբերեալ իրենց տեսլականին շուրջ։ Ըստ Հալիտ Հոճայի, բանակցութիւնները պիտի սկսին, երբ որ վարչախումբին կողմէ պատասխան մը գայ։ Այս պահուն անկարելի է քաղաքական լուծումի մը մասին խօսիլ, որովհետեւ վարչախումբը դէմ է քաղաքական լուծման։ Միջազգային հանրութիւնը ճնշում կամ ուժ գործադրելով պէտք է ապահովէ, որ վարչախումբը սեղանի գլուխ նստի՝ քաղաքային անցումային գործընթացին համար։