ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՉԿԱՅ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կ՚ընթանայ մտահոգիչ հեռանկարներու հունին մէջ։ Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ շարունակեցին խախտել հրադադարը՝ թէ՛ Հայաստանի հետ սահմանի եւ թէ՛ Արցախի հետ շփման գծի երկայնքով։ Առկայ բախումներու մթնոլորտին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան հարցազրոյց մը տուաւ Արցախի լրատուամիջոցներուն։ Ան Ստեփանակերտի մէջ յայտարարեց, որ անցեալին վերադարձ պիտի չըլլայ, ներառեալ՝ հողերու պարագային։ Սահակեան ընդգծեց, որ առանց Արցախի մասնակցութեան անկարելի է հակամարտութեան լուծումը։ «Ունենալով հիմնախնդրի լուծման վերաբերեալ յստակ մօտեցում՝ մենք միեւնոյն ժամանակ յայտարարած ենք ու կը յայտարարենք, որ մեզի համար աւելի նախընտրելի են խանգարուած ձեւաչափով բանակցութիւնները, քան պատերազմական գործողութիւնները։ Սակայն սա չի նշանակեր, որ մենք կը հրաժարինք մեր դիրքորոշումէն, սկզբունքէն, թէ հիմնախնդրի լուծման վերաբերեալ մեր տեսակէտը փոփոխութեան ենթարկուած է», ըսաւ Սահակեան եւ աւելցուց, թէ այս պահու դրութեամբ իրենք չեն տեսներ Արցախի բանակցային գործընթացի միանալու հնարաւորութիւնը։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի թոյլ տուածը որեւէ ձեւով չ՚ապացուցաներ, թէ մօտաւոր ապագային պիտի վերսկսին բանակցութիւնները։
Առկայ մթնոլորտին մէջ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ յայտարարեց, որ այս հիմնախնդիրը չունի ռազմական լուծում։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծին վրայ փխրուն հրադադարի հաստատումը սկիզբին յուսադրիչ էր, որովհետեւ կը կարծուէր, թէ ան պիտի պահպանուի, սակայն ակնյայտօրէն լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը նշեց, թէ իրենք կապի մէջ մնան երկու կառավարութիւններուն եւ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն հետ ու իրենց պատգամը կը մնայ նոյնը՝ ԱՄՆ խստագոյնս կը դատապարտէ ամէն տեսակ բռնութիւն եւ անհրաժեշտ կը համարէ հնարաւորինս արագ վերադառնալ հաշտութեան գործընթացին։
Մոսկուայի Միջազգային անվտանգութեան հինգերորդ խորհրդաժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ ղարաբաղեան հիմնախնդրին անդրադարձաւ նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժա։ Ան մատնանշեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ դիմակայութիւնը չի թուլանար։