ՀԻՒՐԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ
Հայաստանի Պարի պետական համոյթը, որու Իսթանպուլի մէջ ներկայութիւնը վերջին օրերուն արժանացաւ աննախընթաց հետաքրքրութեան, երէկ երեկոյեան ժամերուն հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ Նախընթաց օր տեղի ունեցած անմոռանալի ելոյթէն վերջ համոյթը վերադարձաւ Երեւան՝ բոլորի մտքին ու սրտին մէջ ապահովելով մշտական տեղ մը։
Մինչ այդ, Էսաեան սանուց մութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթն ալ ներկայիս կ՚ապրի արդար հպարտութիւն մը եւ արտասովոր խանդավառութիւն։ Արդարեւ, Պարի պետականի վերջին ելոյթը կազմակերպուած էր «Մարալ»ի կողմէ։ Իսկապէս անթերի կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, ինչ որ հերթական անգամ եկաւ ապացուցանել, թէ «Մարալ» մեր ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին է ու միշտ կ՚արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։