ՎԱՌ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ «Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնը շաբաթավերջին հերթական անգամ ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ։ Եւրոասիոյ հիմնադրամի միջոցներով, այս ֆիլմը պատրաստուած է Երեւանի «Վերսուս սթիւտիօ»ին կողմէ, Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) համագործակցութեամբ։ Գործին հեղինակն է Տիգրան Պասկեւիչեան, բեմադրիչը՝ Արա Շիրինեան. երկու յայտնի ու հեղինակաւոր անուններ, որոնց ստեղծագործական փայլուն աշխատանքին արդիւնքը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Ծրագրին որպէս խորհրդական մասնակցած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» ժապաւէնը Երեւանի մէջ երկրորդ անգամ ցուցադրուեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ։ Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ տարուան աշնան ու ներկայ տարեմուտին այս ֆիլմին առաջին ցուցադրութիւնները կազմակերպուած էին Երեւանի եւ Իսթանպուլի մէջ։ Թէ՛ գործը արժանացած էր վառ հետաքրքրութեան եւ թէ ցուցադրութիւններուն առթիւ կազմակերպուած քննարկումները հնարաւորութիւն ստեղծած էին խոշորացոյցի տակ առնելու Թուրքիա-Հայաստան առկայ փակուղին՝ վերջին շուրջ քսանհինգ տարիներու կտրուածքով։ ՀԲԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուած շաբաթավերջի ցուցադրութիւնն ալ ստեղծեց հետաքրքրութիւն։ Արդարեւ, Անգարա-Երեւան առանցքի անհեռանկար կացութիւնը ներկայիս նորովի լուսարձակի տակ կը բերուի՝ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատի ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու անհամեմատ սաստկացման եւ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու լարուածութեան բերումով։
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի նորակառոյց կեդրոնի երդիքին տակ ցուցադրուեցաւ «Փակ սահմանի երկխօսութիւն»ը։ Երեկոյթի ընթացքին դահլիճը լեցուն էր ամբողջութեամբ։ Ներկաներու շարքին էին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Յովիկ Էօրտէքեան եւ միութեան այլ պատասխանատուներ։
Ձեռնարկի ծրագրին շրջագծով նախ ցուցադրուեցաւ ֆիլմը, ապա տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, զոր վարեց Յովիկ Էօրտէքեան։ Այս բաժնին մէջ Տիգրան Պասկեւիչեան առաջին հերթին անդրադարձաւ ֆիլմի արտադրութեան հանգրուաններուն, իրականացուած աշխատանքի հիմնական ուղղութիւններուն, նաեւ ՀԲԸՄ-ին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ հերթական ցուցադրութեան հիւրընկալման կապակցութեամբ։ Աւելի վերջ Տիգրան Պասկեւիչեան, Արա Շիրինեան եւ Արա Գօչունեան պատասխանեցին ներկաներու զանազան հարցումներուն։