ՊՈՒՆՏԵՍՏԱԿԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ՄԵՐՔԷԼԻՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԿՈՉՈՎ ՄԸ
Գերմանիոյ Պունտեստակէն ներս յառաջիկայ Յունիսի 2-ին օրակարգի վրայ պիտի գայ Հայկական հարցը։ «Die Zeit» թերթի հաղորդումներու հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Գերմանիայէն մտաւորականներ բաց նամակ մը հրապարակած են՝ Պունտեստակին եւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլին ուղղեալ։ Ազգութեամբ թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի կողմէ եւս ստորագրուած է այդ նամակը, որու բովանդակութեան մէջ կը պահանջուի «ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը»։
Նամակին մէջ մտաւորականները ակնկալած են, որ Յունիսի 2-ին ցուցաբերուի յստակ դիրքորոշում եւ հայ ժողովուրդի դէմ գործուած յանցանքը կոչուի իր իսկ անունով՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ «Երեւակայեցէք՝ կ՚ապրինք Գերմանիոյ մէջ, ուր կը ժխտուի Հոլոքոստը. արդեօք սա պիտի չընկալուէ՞ր որպէս յանցանքի շարունակութիւն», նշուած է մտաւորականներու նամակին մէջ։
Նամակի հեղինակ մտաւորականները յորդորած են դիրք գրաւել եւրոպական հիմնարար արժէքներու կողքին եւ յստակութիւն մտցնել բառամթերքին մէջ։ «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը ներկայիս հիմք կը հանդիսանայ նոր բռնութիւններու համար», նշուած է նամակին մէջ ու շեշտուած է, թէ Թուրքիա պարբերաբար կը հրաժարի իր պատմութեան հետ առերեսուելէ։ Ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս իր կատարած գործողութիւնները որեւէ պատասխան չեն ունենար միջազգային հանրութեան կողմէ։
Նամակի հեղինակ մտաւորականները յայտնած են նաեւ, որ Պունտեստակը եւ անոր նախորդած կառոյցները աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր լռութիւն կը պահեն այս հարցին շուրջ։