ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիօ (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ապրուած վերջին ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններով պայմանաւորուած առկայ մթնոլորտին մէջ անոնք յայտնեց, թէ եկած է Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման ժամանակը։ Ներկայիս նախագահներու մակարդակով նոր ժամադրութեան մը համար ջանքեր կը գործադրուին միջնորդներուն կողմէ։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորման որոնումներուն շրջագծով հաւանական կը նկատուի, որ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ յաջորդ շաբաթ տեսակցին Վիեննայի մէջ։ Մինչ այդ, կը հաղորդուի, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի (ԱՄՆ), Սէրկէյ Լաւրով (Ռուսաստան) եւ Ժան-Մարք Էյրօ (Ֆրանսա) եւս մտադիր են մասնակցիլ նախագահներուն միջեւ նախատեսուած այս հանդիպման։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկուան յայտարարութեան մէջ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ հակամարտութեան տեւական կարգաւորումը ապահովելու ուղղութեամբ։ «Վերջին բռնութիւնները եւ շփման գծի վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու անհրաժեշտութեան լոյսին ներքեւ կը հաւատանք, որ եկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման ժամանակը։ Մեր արտաքին գործոց նախարարները պատրաստ են նպաստելու այդ հանդիպման կազմակերպման յաջորդ շաբաթ Վիեննայի մէջ։ Անոնց հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ ամրապնդել հրադադարի դրութիւնը եւ հասնիլ վստահութեան միջոցներու շուրջ համաձայնութեան, ինչ որ բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծէ բանակցութիւններու վերսկսման համար՝ յանուն համապարփակ կարգաւորման, հիմնուած քննարկուող հիմնարար տարրերու եւ սկզբունքներու վրայ», նշուած է միջնորդներու յայտարարութեան մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ եռանախագահները շեշտած են, թէ բանակցութիւնները յաջողութիւն պիտի չունենան, եթէ բռնութիւնը շարունակուի։ Չի կրնար խաղաղութիւն հաստատուիլ, առանց բանակցային գործընթացի։ Անոնք հաստատեցին, որ հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ զինեալ կարգաւորում։
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնները երէկ անմիջապէս արձագանգեցին միջնորդներու այս յայտարարութեան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթաց արձանագրել հնարաւոր է միայն Արցախի լիարժէք մասնակցութեան պարագային։ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը՝ Խորհրդարանի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովն ալ յայտնեց, թէ միջնորդներուն երէկուան յայտարարութիւնը համահունչ է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն։
Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան նշեց, թէ բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութիւնը այլընտրանք չունի։ «Լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման համար ահագին ժամանակ պէտք է, բայց սա այլընտրանք չունի, մանաւանդ վերջին քառօրեայ պատերազմէն վերջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ ամբողջ աշխարհ գիտէր, որ Ատրպէյճան պատերազմեցաւ Արցախի դէմ, սակայն չ՚ուզեր բանակցիլ անոր հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ տեղեկացուց, թէ Պաքուի կողմէ հրադադարի համաձայնագրի չեղարկման փորձերը կը համարուին ակնյայտ շարունակութիւնը՝ պատերազմի սանձազերծման քաղաքականութեան։