ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Քրիստոսի խաղաղութիւն» (Pax Christi) միջազգային կաթոլիկ կազմակերպութեան Աւստրիոյ մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարութեան ներկայացուցիչներն ու անդամները։ Տեսակցութեան սկիզբին կազմակերպութեան քաղաքական ներկայացուցիչ Տքթ. Ռիխարտ Հուսսըլ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին տեսակցութեան հնարաւորութեան համար եւ հակիրճ անդրադարձաւ «Քրիստոսի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան առաքելութեան ու ներկայ խաղաղարար գործունէութեան։
Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը կաթոլիկ ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը՝ մաղթելով, որ դէպի Հայաստան իրենց ուխտագնացութեան ընթացքին ներշնչուին հայոց սրբութիւններով։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց աշխարհի խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատման ուղղեալ այս կազմակերպութեան գործունէութիւնը։ Աւելի վերջ ան անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետին Հայաստան կատարելիք մօտալուտ այցելութիւնը այս առումով պիտի ըլլայ վառ արտայայտութիւն մը։
Հանդիպման տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց ներկաներու զանազան հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայ Եկեղեցւոյ կրթադաստիարակչական գործունէութեան, Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, ընտանիքի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ եկեղեցական հայեցակարգային ընկալումներուն։
Զրոյցի տեւողութեան մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն։
Զրոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը «Քրիստոսի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան անդամներուն մաղթեց արգասաբեր գործունէութիւն, որպէսզի նաեւ անոնց ջանքերուն շնորհիւ աշխարհի վրայ վերջ գտնեն անարդարութիւնը, բռնութիւնը եւ պատերազմի չարիքը։
Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024