ԵՐԵՒԱՆԸ ԿԱՊԵԼ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Քաթարի օդային ընկերութիւնը որոշած է թռիչքներ հաստատել Երեւանի եւ Տոհայի միջեւ։ Qatar Airways-ի ներկայացուցիչները նախընթաց օր Երեւանի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը եւ ըսին, թէ ընկերութիւնը ուշագրաւ եւ յաւակնոտ ծրագրով մը մուտք կը գործէ Հայաստանի շուկայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ընկերութիւնը կը նախատեսէ ամէն շաբաթ չորս թռիչք կազմակերպել Երեւանի եւ Տոհայի միջեւ։ Պատասխանատուները դիտել տուին, թէ նպատակ ունին յառաջիկային թռիչքներու յաճախականութիւնը դարձնել ամէնօրեայ։
Այս թռիչքներուն շնորհիւ Երեւան պիտի կապուի աշխարհի աւելի քան 150 քաղաքներուն հետ։ Qatar Airways-ի ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ դէպի Երեւան ուղղութիւնը կը հանդիսանայ իրենց ընկերութեան այս տարուան 14 նշանակէտերէն մին։ Ընկերութիւնը շարունակաբար կը զարգացնէ ուղեւորափոխադրումներու իր ցանցը։ Տոհայի միջոցաւ Qatar Airways-ը Երեւանը կրնայ կապել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Աւտրալիոյ եւ Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներուն հետ՝ ապահովելով յարմարաւէտ թռիչքներ։ Ըստ նախատեսուած գնային քաղաքականութեան, բարձր որակի ծառայութիւնները պիտի զուգորդուին մրցունակ գիներով։
Այս ընկերութեան Հայաստանի շուկայ մուտք գործելը, ոչ միայն ճամբորդներու, այլ նաեւ բեռնափոխադրութեան առումով կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Արդարեւ Qatar Airways բեռնափոխադրումներու շուկայէն ներս կը հանդիսանայ աշխարհի մեծագոյն փոխադրողներէն մին եւ անոր շնորհիւ Հայաստանի արտահանման շուկան կրնայ կապուիլ 154 կէտերու հետ։ Մինչ այդ հարկ է նշել, որ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ողջունեց Qatar Airways ընկերութեան մուտքը հայկական շուկայ։