Ո՞ՐՆ Է ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՃԻՇԴ ՈՒՂԻՆ
Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համար անկախութիւն ճանչնալու հարցը միշտ առաջնային է: Արիւնով նուաճուած այս տարածքի անկախութեան ճանաչման մասին խօսիլը աւելի մեծ աշխուժութեամբ շրջանառութեան մէջ կը դրուէր մասնաւորապէս անցնող 1 Ապրիլին սկիզբ առած քառօրեայ պատերազմի ամենէն թէժ պահերուն: Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ ԵԱՀԿ-ի երկիրներու դեսպաններուն հետ 4 Ապրիլին, իր նստավայրին մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին ըսած էր. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ որպէս 1994 թուականի զինադադարի համաձայնագրի կողմ, կը շարունակէ լիարժէքօրէն կատարել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման իր պարտականութիւնները: Աւելի՛ն, ես հրահանգած եմ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի հետ ռազմական փոխօգնութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ: Եւ այստեղ պէտք է նշեմ՝ մէկ անգամ չէ, որ ես յայտարարած եմ, որ եթէ, իրօք, ռազմական գործողութիւնները շարունակուին եւ ստանան մաստշաբ ծաւալ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը»:
Աւելի ուշ հրադադարի հաստատումէն ցայսօր եւս թեման կը շարունակէ մնալ հայութեան լայն շրջանակներու ուշադրութեան կեդրոնին:
Հայաստանի իշխանութիւններուն համար անկարելիութիւն մը չէ ստանձնել այդ օրակարգը եւ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Այդ քայլը բնականաբար կրնայ աւելի ծանր դրութեան մէջ դնել Հայաստանը, մանաւանդ, որ նման լարուած իրադրութեան մէջ այդ ճանաչումը, ոչինչ պիտի աւելցնէ Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ համագործակցութեան վրայ: Յըս-տակ է նաեւ, որ ներկայ պահու դրութեամբ ոչ մէկ երկիր կամ Կովկասի մէջ հեղինակութիւն կամ կշիռ ունեցող կողմ պատրաստ է արձագանգել Հայաստանի հաւանական քայլին եւ ձեւով մը օրինականացնել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու գործընթացը: Ուրեմն անկախութեան ճանաչման կապուած որեւէ տէ ֆաքթօ արարք մեռեալ ծնունդ եղող որոշում մը պիտի հանդիսանայ՝ առանց միջազգային հանրութեան ճանաչման: Իր կարգին, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նոյնպէս կ՚անդրադառնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հարցին: Տէր-Պետրոսեան, որ պետական այրի բարձր դրսեւորումով տագնապի ամենէն թէժ պահուն իր տան մէջ իր իսկ նախաձեռնութեամբ կ՚ընդունէր Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, իր քայլով լռելեայն կոչ մը կ՚ընէր ներքին ճակատի վրայ միասնական ըլլալու համար: Տէր-Պետրոսեան աւելի ուշ կ՚անդրադառնար քաղաքական թատերաբեմին վրայ այժմէական դարձած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հարցին՝ կատարելով կարեւոր շեշտադրումներ: Ան այս առումով կ՚ըսէր. «Միակողմանի ճանաչումը, եթէ ան ապահովագրուած չէ միջազգային կազմակերպութիւններու (ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի) կամ գերտէրութիւններու մէկ-երկուքի աջակցութեամբ, յղի է անկանխատեսելի ու աղէտալի հետեւանքներով, որոնք այնքան ակնյայտ են, որ հարկ չկայ անգամ թուարկելու։ Ազգային փոքրամասնութիւններու անկախացման բոլոր յաջողուած դէպքերը (Էրթրէա, Արեւելեան Թիմոր, Քոսովա, Հարաւային Սուտան, Խրիմ, Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա) տեղի ունեցած են բացառապէս այդպիսի աջակցութեան առկայութեան շնորհիւ։ Հետեւաբար, քանի դեռ Հայաստանը զուրկ է միջազգային կազմակերպութիւններու կամ թէկուզ մէկ գերտէրութեն աջակցութենէն, պէտք է զերծ մնալ Ղարաբաղի անկախութիւնը միակողմանիօրէն ճանաչելու խելայեղ միտքէն»: (Մէջբերումը՝ iLur.am կայքին մէջ 6 Մայիսին Տէր-Պետրոսեանի հրապարակած «Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հարցի շուրջ» յօդուածէն): Տէր-Պետրոսեան այս աչալուրջ մօտեցումէն բացի կարծիք կը յայտնէր, թէ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման ամենէն ճիշդ ճանապարհը ԵԱՀԿ-ի կողմէ գործադրուելիք հանրաքուէով ամրագրուելիք անկախութեան օրինական ճանապարհն է: ԵԱՀԿ-ի մէկէ աւելի պատասխանատուներ այս մասին տարբեր առիթներով հանդէս եկած են եւ այդ յայտարարութեանց ամենավերջինը ամերիկացի արտաքին գերատեսչութեան փոխ-խօսնակ Մարք Թոնըրի ըրած յայտարարութիւնն է: Թոնըր, որ կը շեշտէր, թէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս քաղաքական ճանապարհով, նաեւ կը շեշտադրէ, որ խնդիրը պէտք է կարգաւորուի համընդգրկուն ձեւաչափով, այսինքն ապահովելով տեղւոյն բնակչութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը:
Ներկայ պահու դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալէն առաջ հայրենի իշխանութիւնները բազմաթիւ խնդիրներ պէտք է լուծեն: Ու այդ խնդիրներուն ամենէն կարեւորը վերջին օրերուն պատերազմական գօտի վերածուած շրջաններուն վերաբնակեցման ապահովութիւնն է: Այսօր քիչ չէ թիւը այն արցախցիներուն, որոնք դարձած են գաղթական: Արցախի աւելի ապահով շրջաններու մէջ հաստատ-ւելէ բացի անոնք կայք հաստատած են Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ: Այս ժամանակաւոր կեցութիւնը կրնայ մշտականի վերածուիլ, եթէ սահմանին վրայ տիրող առկայ լարուածութիւնը շարունակուի եւ դառնայ մշտական: Բնական է նաեւ, որ այս վիճակին փոփոխութեան համար, այսինքն լարուածութեան նուազեցման համար Հայաստանի տարած ճիգերը բաւարար չեն: Միջազգային հանրութիւնը ցարդ միայն խօսքերով եւ գեղեցիկ շարադրական տողերով կը բնութագրէ իրավիճակը: Կարեւորը 5 Ապրիլին հայկական կողմին հրադադար առաջարկող Մոսկուայի կեցուածքն է, որ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կը կատարուի սահմանին վրայ: Հայաստանի նախագահը վստահաբար, որոշ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ ընդունած է հրադադարի առաջարկը: Բայց մտահոգիչ է, որ մինչեւ այս պահը այդ պայմանաւորուածութեան ընդհանուր ծիրին մէջ շօշափելի դրական տեղաշարժներ չկան:
Այս ընդհանուր պատկերին դիմաց մասնաւորապէս այս հանգրուանին Հայաստանի իշխանութիւնները սխալ քայլերու երթալու իրաւունք չունին: Ներքին քաղաքական բեմահարթակին վրայ կարգ մը անկայուն կողմերէ լսուած յայտարարութիւնները չեն կրնար դրական միաւորներ տալ Լեռնային Ղարաբաղին: Այդ յայտարարութիւնները կը կատարուին ամբոխավարական միտումներով ու մանաւանդ փորձել ապահովելով ներքին ընդդիմադիր դաշտին մէջ որոշ մթնոլորտ: Մթնոլորտի շիկացումը բնականաբար կը հետապնդէ մէկ նպատակ. աւելիով մեծցնել իշխանութիւններուն դէմ մեղադրանքեր հնչեցնելու տեսադաշտը եւ դրական միաւորներ հաւաքել առանց անոր ալ բաւական բարոյալքուած եւ դիմագիծի որոնումներու մէջ յայտնուած ընդդիմութեան մէկ նօսր հատուածը:
Ղարաբաղեան ֆոնին եղած զարգացումները կը պահանջեն աւելի աչալուրջ մօտեցումներով հանդէս գալ մանաւանդ, որ այս պահու դրութեամբ նոր պատերազմի մը սկսելու հաւանականութիւնները տակաւին առկայ են:
Հայաստանի իշխանութիւններուն համար ներքին ճակատին վրայ կարեւոր է պահպանել քաղաքական կայունութիւնը եւ մէկ ձայնով մօտենալ հաւանական բանակցութիւններու սեղանին:
Այս բոլորէն բացի կարեւոր է նաեւ Մոսկուայի ընդհանուր մօտեցումը, տրուած ըլլալով, որ խնդրի լուծման համար կայանալիք որեւէ հանդիպում պիտի կայացուի ռուսական միջամտութեամբ եւ օրհնութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան