Դամասկոսի Համալսարանէն Ներս Հայերէնի Արխիւացման Կեդրոնի Բացում
Կեդրոնի բացումը կատարած է Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մուհամատ Հասսան ալ Քուրտին, որ իր խօսքին մէջ գնահատած է լեզուներու դասաւանդումը եւ քաղաքակրթութիւններու փոխյարաբերութիւնները: Համալսարանի նախագահը նաեւ հաստատած է, որ սուրիական համալսարաններէն ներս իր տեսակով առաջինն է լեզուներու արխիւացման կեդրոնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ արխիւացնել շարք մը լեզուներ, որոնք կ՚օգտագործուին Սուրիոյ մէջ:
Բացման հանդիսութեան ժամանակ կեդրոնի հայոց լեզուի բաժնի պատասխանատու Նորա Արիսեան նշած է, որ լեզուներու արխիւացման կեդրոնը՝ լեզուները պահպանելով եւ գիտականօրէն արխիւացնելով՝ հնրաւարութիւն կու տայ Սուրիոյ մէջ պահպանել պատմամշակութային ժառանգութիւնը` ընդգրկելով լեզուն, պատմութիւնը, բանաւոր հէքեաթները, երգերը եւ այլն: