ՏԻՄԱ ԱԼ ՈՒԱՈՒԻ. ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԱՄԵՆԱՓՈՔՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼԸ
Տիմա Ալ Ուաուի կը հանդիսանայ պաղեստինցի ամենափոքր քաղաքական բանտարկեալը: Տասներկու տարեկան պաղեստինցի պարմանուհին երկուքուկէս ամիս բանտարկուած մնալէ ետք ազատ կ՚արձակուէր 24 Ապրիլ 2016-ին: Ուաուի ազատ կ՚արձակուէր Թուլ Քարմ շրջանին մէջ, ուր անոր դիմաւորելու եկած էր Պաղեստինի կառավարութեան Գերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու հարցերով նախարար՝ Իսա Ալ Քարաքէհ ու անոր ընտանեկան պարագաները: Տիմա կը տարուէր Քալիլոյի մէջ գտնուող Հալհուլ աւանը՝ իր ծննդավայրը, ուր կ՚արժանանար յատուկ ընդունելութեան: Պարմանուհիին ազատ արձակումէն անմիջապէս ետք անոր փաստաբանը՝ Թարէք Պարղութ կը յայտնէր, թէ «Տիման հանդիսացաւ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան կրտսերագոյն քաղաքական բանտարկեալը»: Եօթանասունհինգ օր բանտարկուած մնացած Տիման, իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ձերբակալուած էր 9 Փետրւարին, Իսրայէլի «Քարմելցոր» վերաբնակեցան վայրին մօտ: Դպրոցական համազգեստով ձերբակալուած Տիման կը մեղադրուէր դաշոյն կրելու եւ իսրայէլացի վերաբնակեցեալի դէմ մահափորձ պատրաստելու մեղադրանքով: Ըստ պաղեստինեան մարմիններու, Տիմայի խոստովանութիւնները անհիմն են, որովետեւ անոր դատավարութիւնը եղած է իր պաշտպան փաստաբանի ու ծնողերուն բացակայութեան:
Վերջինիս տան մօտ գտնուող իսրայէլեան բնակեցման վայրին մօտ մեղադրելով, որ Տիման փորձած է դաշունահարել իսրայէլացի վերաբնակեցեալ մը: Զինուորական դատարանը աւելի ուշ քննելով հարցը երկուքուկէս ամսուան բանտարկութեան վճիռ արձակած էր Տիմային դէմ, անոր պարագաներէն պահանջելով վճարել շիքէլ (2000 ամերիկեան տոլարի համազօր գումար մը): Միջազգային Կարմիր խաչ կազմակերպութեան բանբերը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով դատապարտած էր դէպքը եւ պահանջած՝ յարգել անչափահասներու իրաւունքները:
Պաղեստինի Մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան հաւաստմամբ՝ 1967 թուականին տեղի ունեցած պատերազմէն մինչեւ 1988 թուականը իսրայէլեան բանտերուն մէջ յայտնուած պաղեստինցիներուն թիւը կը հասնի 600 հազարի: 2012 թուականին հրապարակած հաղորդագրութեամբ՝ Պաղեստինի Վարչապետ Սալամ Ֆայատ կը յայտնէր, որ տարբեր հանգամանքներու բերումով 1967 թուականէն ասդին Պաղեստինի բնակչութեան 20 առ հարիւրը յայտնուած է իսրայէլեան բանտերու մէջ:
ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ԲԱՆՏԻ ՃԱՂԵՐՈՒ ԵՏԻՆ
Իսրայէլեան ուժերուն կողմէ բանտարկուած պաղեստինցիներուն մէջ կան տասնեակ հանրային կերպարներ, որոնք ցայսօր ալ կը շարունակեն մնալ բանտարկուած: Այդ բանտարկեալներուն գլխաւորները կը համարուին Ահմատ Սահտաթն ու Մարուան Պարղութին: Մինչ Ահմատ Սահտաթ բանտար-կըւած է իսրայէլացի նախարար Ռեւահիմ Զեւինի (սպաննուած՝ 17 Հոկտեմբեր 2001 թուականին) սպանութիւնը կազմակերպելու եւ գործադրելու համար, անդին Մարուան Պարղութի, որ յայտնի է նաեւ որպէս «պաղեստինցիներու Նելսոն Մանտելան», ցկեանս բանտարկութեան պատիժի արժանցած է, մեղադրուելով երեք յարձակումներ (2001, 2002 թթ.) գործելու եւ հինգ անձերու սպանութեան պատճառ հանդիսանալու մէջ: Պարղութի, որ այսօր կը հանդիսանայ համապաղեստինեան դիմադրութեան գլխաւոր կերպար, կը համարուի «Ալ Աքսայի նահատակներ» զինեալ խմբաւորման հիմնադիրը:
ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ ԲԱՆՏԵՐ
Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան թէժացումէն ի վեր Իսրայէլի մէջ կը գործեն տասնեակ բանտեր, որոնք յատկացուած են պաղեստինցի բանտարկեալներու: Այդ բանտերէն պէտք է առանձնացնել Պըր Ալ Սապհի, Ասքալանի, Նաքապ անապատի, Ռամլայի, Մասքուպայի, Քաֆար Եունայի, Օֆարի, Տամոնի եւ Թալմոնտի բանտերը: Այս բանտերուն հիմնական մասը հիմնուած են բացառապէս պաղեստինցի քաղաքական բանտարկեալներուն համար:
ՊԱՂԵՍՏԻՆ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ
1900-ականներու սկիզբը Պաղեստինի մէջ բնակող հրեաներուն թիւը կը կազմէր բնակչութեան 5 առ հարիւրը: Առաջին աշխարհամարտի ընլացքին կ՚օրինականացուէր Պաղեստինի մէջ իսրայէլացիներուն համար հայրենիք մը կառուցելու գաղափարը, մասնաւորապէս բրիտանացի արտաքին հարցերու պատասխանատու Արթըր Ճէյմս Պելֆորի հրապարակած յայտարարութենէն ետք: 2 Նոյեմբեր 1917 թուականին հրապարկուած յայտարարութիւնը աւելի ուշ կը ճանչցուէր որպէս «Պելֆորեան խոստում», որ տրուած էր բրիտանացի հրեաներուն եւ զանոնք կը քաջալերէր պաղեստինեան հողերուն վրայ հիմնադրել իսրայէլացիներու «ազգային տուն»ը: Բնականաբար «Իսրայէլ հայրենիք»ը կերտելու փուլը իրական դառնալ կը սկսէր Համաշխարահային երկրորդ պատերազմէն ասդին: Մինչեւ այսօրուան իրավիճակին հասնիլը աւելի քան 500 հազար պաղեստինցիներ տարբեր առիթներոով վտարուեցան իրենց բնօրրանէն եւ որպէս գաղթականներ հաստատուեցան Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Այս գաղթականութեան ամենէն ծանր տարեթիւը 1948 թուականն էր, որ ցայսօր պաղեստինցիներուն համար յիշատակելի թուական մը կը համարուի եւ արաբերէն լեզուով յայտնի է որպէս «Եոմ ալ նաքպա» («Աղէտի օր»):
Պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութիւնը նոր հանգրուան կը մտնէր 1967 թուականին, երբ Իսրայէլ կը գրաւէր Կազզէն եւ Երուսաղէմի հանդիպակաց արեւմտեան ափն ու արեւելեան Երուսաղէմի կարեւոր մէկ հատուածը: Այդ հանգրուանէն ետք է նաեւ, որ Իսրայէլի յաջորդական կառավարութիւնները սկիզբ կը դնէին վերաբնակեցման քաղաքականութեան մը, հազարաւոր հրեաներ Իսրայէլ փոխադրելով եւ զանոնք տեղաւորելով այս նպատակով կառուցուած վերաբնակեցման վայրերու մէջ:
Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան հիմնական արմատը պաղեստինցիներու հանդէպ իսրայէլի կիրառած քաղաքականութիւններն են: Տագնապը ունի տարբեր երեսակներ, որոնց ներկայացումը այս յօդուածին պարտականութիւնը չէ, սակայն հասկնալու համար պաղեստինցիներու Իսրայէլի հանդէպ ունեցած ատելավառ զգացումները, փորձեցինք հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնել պատմական դիպաշարը: Էթնիք հողի վրայ սկիզբ առած բախումները այսօր վերածուած են միջկրօնական համընդհանուր հակամարտութեան: Տարբեր հանգամանքներ, ու մասնաւիրապէս կրօնական ազդակը օգնած են, որ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւնը վերածուի արաբ-իսրայէլեան բուռն հակամարտութեան: Պէտք է նոյնպէս նշել, որ հակամարտութիւնը կարեւոր խաղաքարտ դարձած է Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական եւ տնտեսական շահեր հետապնդող գերտէրութեանց համար:
Իսրայէլի պետութեան շուրջ ապրող պաղեստինցիներուն համար անընդունելի է, Թէոտոր Հերշէլի կաղապարներով ստեղծուած պետութեան մը գոյութիւնը: Նոյնը պէտք է ըսել իսրայէլեան մօտեցումին մասի, որուն տարբեր ղեկավարները առիթ չեն փախցներ պաղեստինցի արաբը ոչ միայն երկրորդ կարգի քաղաքացի համարելու (եթէ ենթական իսրայէլեան քաղաքացիութիւն ունի), այլ արաբ ու իսլամ տարրը կը համարեն մերժելի: Ճիշդ է նաեւ, որ վերջին հինգ տարիներուն Սուրիոյ արիւնահեղ պատերզամին հետեւանքով արաբներու ընդհանուր ուշադրութիւնը շեղեցաւ այս հակամարտութենէն, սակայն չէ բացառուած, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը որեւէ ատեն բռնկի՝ տուն տալով շրջանին մէջ ստեղծուելիք նոր համընդհանուր արիւնահոսութիւներու:
Իսրայէլի հանդէպ ատելութեամբ լեցուած պաղեստինցիներու վարմունքը դրական ճանապարհներու չ՚առաջնորդեր: Իսրայէլի պետութեան համար գերագոյն խնդիրը բանակցութիւններու սեղանին նստիլը չէ, այլ զինուորական ուժի առաւելութեամբ կերտուած այդ պետութեան առաւել հզօրացումը: Մասնաւորապէս Կազզէի (ուր իշխանութիւնը կը գտնուի իսլամամէտ մօտեցումներով առաջնորդուող «Համաս» շարժումին ձեռքը) դէմ երկու կամ երեք տարին անգամ մը կրկնուող զինուորական գրոհները նոյնպէս ի վիճակի չեն արմատական լուծում տալ խնդրին: Նոյնը կարելի է ըսել այն միջոցներուն մասին, որ գործադրութեան կը դրուին երկու կողմերուն կողմէ (բռնի ուժի կիրառում, հալածանք եւ ձերբակալութիւն Իսրայէլի կողմէ, իսկ պաղեստինցիներուն կողմէ՝ ականահարում եւ «սառը զէնք»ի օգտագործում) միջոցները չեն կրնար հանգուցալուծել խնդիրը:
ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՃԱՌ ԿՐՆԱՅ ԴԱՌՆԱԼ ՆՈՐ ԱՐԻՒՆԱՀԵՂՈՒՄՆԵՐՈՒ
12-ամեայ Տիմա Ուաուին ամենակրտսեր պաղեստինցին է, որուն ձերբակալման պահուն իսրայէլեան մարմիններ անոր մօտ դաշոյն գտած են: Ըստ զինուորական դատարանին, ան կը պատրաստուէր յարձակիլ իսրայէլացի վերաբնակցեալի մը դէմ: Խնդիրը Տիմայի դաշոյն կրելու երեւոյթը չէ, այլ շրջանին ընդհանուր ատելութեան մթնոլորտը, որ յառաջիկայ հանգրուաններուն եւս կրնայ նոր արիւնահոսութեան տանիլ՝ վերջնակնապէս վերացնելով արաբ-իսրայէլեան խնդրի խաղաղ կարգաւորման բոլոր առիթներն ու յոյսերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան