ԿԱԶԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԱՌԱՆՑՔ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրով երէկ Թիւրքմենիստանի Նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմէտով պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Անգարայի Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած դիմաւորման պաշտօնական արարողութեան աւարտին երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը։ Աւելի վերջ Էրտողան եւ Պերտիմուհամմէտով գլխաւորեցին երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն բանակցութիւնները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի խնդիրները, որոնք կը զբաղեցնեն կողմերու համատեղ օրակարգը։
Անգարայի մէջ երկու նախագահները երէկ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Էրտողան այս առթիւ ընդգծեց, որ վերջին տարիներուն Թիւրքմենիստանի մէջ արձանագրուած են լուրջ զարգացումներ՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Ըստ իրեն, Թուրքիա գոհունակութիւն կը զգայ արձանագրուած զարգացումներէն եւ ձեռնարկուած բարեփոխումներու դրական արդիւնքներէն։ Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի յարաբերութիւնները հասած են օրինակելի մակարդակի մը։ Յառաջիկայ շրջանին ալ բոլոր մարզերէ ներս համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ առկայ է քաղաքական կամք կողմերուն միջեւ։ Ըստ Էրտողանի, մասնաւորապէս հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներէն ներս հաստատուած համագործակցութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն մը կը վերագրէ կողմերու յարաբերութիւններուն։
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Միջին Ասիոյ Կասպից ծովու վրայով միջազգային շուկայի հետ միացման առումով Թիւրքմենիստան ունի առանձնայատուկ դիրք մը։ «Մեր թիւրքմէն եղբայրները խտացեալ ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի այս երեւոյթը լաւ արժեւորեն ու վերածեն հնարաւորութեան մը», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ կարծիքի փոխանակումներ կատարուած են, որպէսզի Թիւրքմենիստանի կազը հասնի Թուրքիա եւ Թուրքիոյ վրայով տեղափոխուի դէպի եւրոպական շուկայ։ Այս կարեւոր նիւթին կապակցութեամբ երկու երկիրները կը բաժնեն նոյն տեսլականը։ Էրտողանի խօսքերով, բնականաբար, այս կապակցութեամբ սերտ երկխօսութիւն մը եւ համագործակցութիւն մը հաստատուած է նաեւ տարածքաշրջանի միւս երկիրներուն հետ, գլխաւորութեամբ Ատրպէյճանի։ Այս նպատակով Թուրքիոյ, Թիւրքմենիստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հաստատուած է եռակողմանի քննարկումներու դրութիւն մը։ Նախարարները կանոնաւոր պարբերութեամբ կը մէկտեղուին քննարկելու համար բազմաթիւ նիւթեր։ Անոնք կ՚անդրադառնան համագործակցութեան ծրագրերու հեռանկարներուն։ Այս եռակողմանի դրութիւնը պիտի բարձրացուի նաեւ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակին եւ ըստ Էրտողանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, առաջին ժողովը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Թիւրքմենիստանի մէջ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան մատնանշեց, թէ յառաջիկային եւս Թուրքիա պիտի շարունակէ Թիւրքմենիստանի հետ աշխատիլ՝ տարածքաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար։
Մինջ այդ, Էրտողան երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընթրիք մըն ալ կազմակերպեց ի պատիւ իր թիւրքմէն պաշտօնակցին։
Միւս կողմէ, Պերտիմուհամմէտով Անգարայի մէջ յայտարարեց, թէ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին պիտի մասնակցի Չանաքքալէի մէջ նախատեսուած ոգեկոչման արարողութիւններուն։