ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔԱՂԱՔՍ ԱՅՑԵԼԵԼ
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Ան շուրջ շաբաթ մը մնաց քաղաքիս մէջ եւ իր կեցութեան օրերուն իջեւանեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Այսօր, յետմիջօրէի ժամերուն ան արդէն հրաժեշտ առաւ Իսթանպուլէն։ Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան քաղաքիս մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցած է այն փաստաբաններուն հետ, որոնք կը հետապնդեն անցեալի մէջ սեփականութեան իրաւունքը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատկանած շարք մը մեծ տարածքներու կամ կալուածներու վերաձեռքբերման ուղղեալ թղթածրարները։
Ըստ ներկայ կանխատեսումներուն, հաւանական է, որ շուրջ երեք շաբաթ վերջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան վերստին այցելէ Իսթանպուլ՝ մօտաւոր անցեալին քաղաքս կատարած աղմկարար «անպաշտօն» ուղեւորութենէն կարճ ժամանակ անց։
Եկեղեցական
- 11/27/2024