ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը (ԵՄԻԱ) վճիռ արձակեց, որպէսզի սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ խնդրի մը շուրջ Թուրքիա վճարէ 46 միլիոն լիրա հատուցում։ «NTV»ի հաղորդումներով՝ խնդրայարոյց կալուածը կը գտնուի Պէշիկթաշի մէջ, ունի 13 հազար 231 քառակուսի մեթր տարածութիւն եւ անոր սեփականատէրը Յունաստանի քաղաքացի մըն է։ ԵՄԻԱ-ի մօտ 2003 թուականին սկսած էր համապատասխան դատավարութիւնը եւ 2014 թուականին արձակուած էր վճիռը։ Բայց եւ այնպէս, հատուցման գումարի քանակութիւնը հրապարակուեցաւ երէկ։ ԵՄԻԱ յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ Մարիա Չիրոփուլոսի սեփականութեան իրաւունքին դէմ ոտնձգութիւն կատարուած է։
Պէշիկթաշի այս տարածքի սեփականատէրը՝ Մարիա Եինափուլօ մահացած էր 1979 թուականին։ Իր դուստրը Էֆրոսինի Լիանոփուլու թրքական դատական իշխանութիւններուն մօտ դատ բացած էր՝ որովհետեւ մօրը մահէն վերջ այդ տարածքին համար նշանակուած էր կառավարիչ մը։ Թրքական դատարանը վճիռ արձակած էր, թէ օտարահպատակներուն Թուրքիոյ մէջ կալուած ձեռք բերելը անկարելի է։ Այդ հանգրուանէն սկսեալ դատավարութիւնը տեղափոխուած է ԵՄԻԱ։
2009 թուականին Էֆրոսինի Լիանոփուլուի մահէն վերջ դատավարութիւնը հետապնդել սկսած էր իր ժառանգորդը՝ Մարիա Չիրոփուլոս։