«ՄՈՍԿՈՒԱ ԿՐՆԱՅ ՇԻՆԻՉ ԴԵՐ ՄԸ ԽԱՂԱԼ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ Ռուսաստան տակաւին կրնայ շինիչ դեր մը խաղալ համաշխարհային գործերուն մէջ։ Ըստ իրեն, Մոսկուա միայն պիտի շահի, եթէ համագործակցի դաշինքին հետ։ Երէկ, Վարշաւիոյ համալսարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին Սթոլթենպերկ ըսաւ.
«ՆԱԹՕ հանդէս կու գայ Ռուսաստանի հետ վստահելի յարաբերութիւններ հաստատելու պատգամով։ Մենք պատրաստ ենք երկխօսութիւն վարելու, մենք կը ջանանք յարաբերութիւններ կառուցել, աւելի ու աւելի միտուած ենք Ռուսաստանի հետ համագործակցելու, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ սա կը համապատասխանէ ոչ միայն մեր, այլ նաեւ Ռուսաստանի շահերուն։ Իմ ուղերձը երկիմաստ չէ։ ՆԱԹՕ առճակատում չի փնտռեր Ռուսաստանի հետ։ Մենք չենք փափաքիր նոր Պաղ պատերազմ մը։ Մենք չենք փափաքիր սպառազինումներու նոր մրցավազք»։
Բաց աստի, ընդհանուր քարտուղարը մատնանշեց, թէ Ռուսաստան ՆԱԹՕ-ի ամենամեծ հարեւանն է ու ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամ եւ տակաւին կրնայ շինիչ դեր մը խաղալ համաշխարհային գործերուն մէջ։ Որպէս դրական օրինակ ան յիշեցուց Ռուսաստանի մասնակցութիւնը՝ Իրանի միջուկային ծրագրի եւ Սուրիոյ քիմիական զինանոցի ոչնչացման վերաբերեալ իրադրութեան կարգաւորման։ Ընդհանուր քարտուղարի խօսքերով՝ ՆԱԹՕ-ի տեսակէտէ անհրաժեշտ է առնուազն աւելի կանխատեսելի յարաբերութիւններ ունենալ Ռուսաստանի հետ։
«ՆԱԹՕ-ի անդամները կողմնակից են Ռուսաստանի հետ երկխօսութեան եւ ռազմական հարցերու մէջ թափանցիկութեան», ըսաւ Սթոլթենպերկ։