ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ե­րեք ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք այս տա­րի ար­ժա­նա­ցած են Հայ­րա­պե­տա­կան կրթա­թո­շա­կին։ Ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։

Ուս­ման ըն­թաց­քին ցու­ցա­բե­րուած բարձր յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան հա­մար կրթա­թո­շակ ստա­ցած են Նա­րեկ Մկրտչեան, Ա­նա­հիտ Մա­մու­լեան եւ Ի­րի­նա Մու­րա­տեան։ Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան ներ­կա­յա­ցուց կրթա­թո­շա­կի ար­ժա­նա­ցած ու­սա­նող­նե­րը եւ հայ­ցեց Նո­րին Սրբու­թեան օրհ­նու­թիւ­նը։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան։

Իր պատ­գա­մին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ կրթու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը շեշ­տեց, որ կրթու­թիւ­նը մշտա­պէս բարձր գնա­հա­տուած է ազ­գա­յին կեան­քէ ներս։ Հա­յոց ե­կե­ղե­ցին մշտա­պէս հե­տա­մուտ ե­ղած է ժո­ղո­վուր­դի կրթու­թեան սրբա­զան գոր­ծին եւ այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կէ ա­մէն ջանք ի գործ դնել՝ կրթա­կան զա­նա­զան ծրագ­րե­րու մի­ջո­ցաւ նպաս­տե­լու ազ­գա­յին ո­գիի եւ նկա­րագ­րի կերտ­ման։

Վերս­տին շնոր­հա­ւո­րե­լով ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ ա­նոնք բա­րե­յա­ջող պի­տի ա­ւար­տեն ի­րենց ու­սու­մը եւ շնոր­հիւ հա­րուստ գի­տե­լիք­նե­րու պի­տի նուա­ճեն նո­րա­նոր բար­ձունք­ներ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016