ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՄԷՋ ԲՈՅՍԵՐ - Դ -
Սուրբ Գիրքի մէջ բոյսերը կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն։ Ուստի փափաքեցանք «ցանկ» մը պատրաստել եւ հակիրճ տեղեկութիւններ տալ անոնց մասին։
34) ՁԻԹԵՆԻ.- Մշտադալար տունկ է եւ Արեւելքի մէջ սովորական ու հասարակ։ Հրեաներու մէջ «յաջողութեան նշանակ» էր. Սաղմոսաց ԾԲ 8։
Ձիթենին ամէն դարու մէջ համարուած է առատութեան եւ գեղեցկութեան նշանակ։ Ձիթենիին ոստերը կը գործածուէին Տաղաւարահարաց տօնին, Երուսաղէմ բերելով մօտ լեռնէ մը (Նէեմեայ Ը 15), որ «Ձիթենեաց լեռ» կը կոչուէր իր ձիթենիներու առատութեան պատճառաւ։
«Գեթսեմանի» որ նոյն լերան ստորոտը գտնուած պարտէզին անունն էր՝ կը նշանակէ իւղի կամ ձէթի հնձան։ («Հնձան»=խաղող ճմլելու խոշոր տաշտ)։
35) ՄԱՅՐ ՓԱՅՏ.- Սուրբ Գիրքի մէջ յաճախ յիշուած է. Բ Թագաւորաց Զ 5, Երգ Երգոց Ա 17 եւ այլն։ Հաւանական է, թէ այս բառով կը հասկցուի սոճիի (=կոնաբերներու ընտանիքէն ռետնային ծառ, շոճի) այլ եւ այլ տեսակները։ Ոմանք կը կարծեն, թէ բնագրին մէջ գործածուած «պէրոշ» բառը կը նշանակէ բուն նոճի եւ գիհի. ուրիշներ նոյն բառով կը հասկնան եղեւինը, դարձեալ ուրիշներ՝ հասարակ սոճին։
Բոլոր այս ծառերը կը գտնուին Պաղեստին, եւ քանի որ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ անգամ եղեւին եւ «մայր փայտ» միասին կը յիշուին, հաւանական է, որ սրբազան հեղինակները այս բառերով կ՚ուզեն իմացնել յիշեալ ծառերուն բոլոր տեսակները։
36) ՄԱՆԱՆԵԽ.- Բոյս մը՝ որուն սերմէն կծու համեմ կը պատրաստուի. «moutarde»։ Մանանեխին սերմը շատ մանր է, բայց տունկը, ըստ տնկաբաններու. «botaniste», «խոտային» կոչուած տեսակներուն մէջ ամենէն բարձրն է եւ ծառանմանը։
37) ՄԱՆՐԱԳՈՐ.- Ծննդոց Լ 14-16, Երգ Երգոց Է 13 համարներու մէջ յիշուած է. հազարի (=բանջարեղէն մը՝ «մարուլ») մեծութեամբ եւ ձեւով, եւ թխագոյն կանաչ տերեւներով տունկ մըն է՝ որուն պտուղը մանր խնձորի չափ է եւ կը հասնի հունձքի ժամանակ։ Հինէն կը համարուէր զուարթացուցիչ եւ յղացման նպաստաւոր։
38) ՄՈԼԱԹԶԵՆԻ.- Գ Թագաւորաց Ժ 27, Սաղմոսաց ՀԸ 47 եւ այլ համարներու մէջ յիշուած է. բարձր եւ հովանաւոր ծառ՝ տերեւները կը նմանին թթենիի տերեւներուն։ Պտուղը շատ յարգի չէ՛։ Իսկ փայտը ծակոտկէն է, բայց տոկուն։ Այս պատճառաւ եգիպտացիներ ընդհանրապէս այս փայտէն կը շինէին «մումիայ»ի սնտուկները։
39) ՄՈԼՈՇ.- Յիշուած է միա՛յն Յոբայ Լ 4 համարին մէջ։ Թուրքիոյ մէջ ամէնուն ծանօթ խոտ մըն է՝ զոր ընդհանրապէս աղքատներ կ՚ուտեն իբրեւ հասարակ բանջար։ («Մոլոշ»=սննդարար վայրի բոյս. «էպէմ քէօմեճի»)։ («Բանջար»=կանաչեղէն, խոտեղէն)։
40) ՄՐՏԵՆԻ.- Մշտադալար ճերմակ ծաղիկներով թուփ մը, յիշուած է Եսայեայ ԽԱ 19 համարին մէջ։ Պաղեստինի մէջ վայրի ծառ մըն է՝ որ կը բարձրանայ մինչեւ քսան ոտք։ Տերեւը մութ եւ փայլուն է, ծաղիկը՝ համեմային։ Մրտենիի ճիւղերը կը գործածուին Տաղաւարահարաց տօնին, ինչպէս կը յիշուի Նէեմեայ Ը 15 համարին մէջ։ Եբրայեցերէն անունն է՝ «ադաս», եւ այս անունով յորջորջուեցաւ Եսթեր. Եսթերայ Բ 7 համարին մէջ։
41) ՆԱՐԴՈՍ.- Մանիշակագոյն ծաղիկներով բոյս մըն է. «լաւանտ»՝ «lavande», «հուսամ»։
Նարդոսէն կը շինուի ազնիւ եւ մեծագին անուշահոտ օծանելիք. Երգ Երգոց Ա 12, Դ 13-14, Մարկոս ԺԴ 3, Յովհաննէս ԺԲ 3։ Բոյսին բունը, մանաւանդ վարի մասը, շատ թաւ է, իսկ տերեւները սրածայր են։
42) ՆՇԵՆԻ.- «Amandler», նուշի ծառ։
Այս ծառը գարնան ընթացքին ամենէն առաջ կը բողբոջի, այս պատճառաւ եբրայեցերէն կոչուած է «շակէտ», որ կը նշանակէ՝ «արթնցած»։
Նշենիի ծաղիկները խնձորենիի ծաղիկներուն կը նմանին, սկիզբէն՝ վարդագոյն, յետոյ՝ սպիտակ։ Եւ այս պատճառով՝ նշենին ծերութեան նշանակ է. Ժողովող ԺԲ 5, եւ կանուխ ծաղկելուն համար օրինակ է արագ եւ յանկարծ օգնութեան. (Երեմեայ Ա 11, Թուոց ԺԷ 8, Ծննդոց ԽԳ 11)։
43) ՆՌՆԵՆԻ.- Նռնենիի պտուղը՝ նուռը կլոր է, եւ մեծ խնձորի չափ. իր մէջ կը պարունակէ թթուախառն անոյշ հիւթով խիտ առ խիտ կարմրագոյն հատեր։ Այս ծառը հիւսիսային Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ կը բուսնի եւ յարգի է. (Բ Օրինաց Ը 8, Ա Թագաւորաց ԺԴ 2, Երգ Երգոց Ը 2, Անգեայ Բ 19, Յովելեայ Ա 12) համարներ կը վկայեն այս իրողութեան։
Քանդակուած նուռեր եւ կամ նռնաձեւ զարդեր դրուած էին Տաճարին սիւներուն գլուխները. Գ Թագաւորաց Է 18-20:
Նուռի նմանութիւններ կարգաւ շարուած էին նաեւ Հրէից քահանայապետին եփուտին ստորոտը. Ելից ԻԸ 33-34։ («Եփուտ»=վակաս, քահանայական զգեստ, լանջանոց. «քշանցք»=զգեստի վրայ այն տեղը՝ ուր քուղեր, երիզներ, ժապաւէններ անցուած կարուած են. զգեստի վարի ծայրը՝ շուրջ-բոլորը)։
44) ՇՈՒՇԱՆ.- Անմեղութեան խորհրդանիշ ծաղիկ։ Հաւանականապէս այս էր Պաղեստինի մէջ քանի մը տեսակ իրարու նման ծաղիկներու անունը։ Հին Կտակարանին մէջ այս կը նշանակէ «Կոկոռ» կամ «Հարսնամատն» կոչուած ծաղիկը։ Ծաղիկին այս տեսակը կ՚ուտուէր. արմատը, ցօղունը եւ սերմերը, թէ՛ դալար ըլլան եւ թէ՛ չոր, շատ քաղցր են, ուստի հաւանականապէս այդ ծաղիկը կ՚ակնարկուի «Շուշաններու մէջ կ՚արածէ» խօսքով. (Երգ Երգոց Բ 16, Դ 5)։ «Շուշան հովտաց» կոչուածը, այսինքն՝ ջրային շուշանը, կը վերաբերէր նոյնպէս այս տեսակին. (Երգ Երգոց Բ 1-2)։
Այս ծաղիկը հանդիսաւոր տօներու ժամանակ կը գործածուէր, եւ Տաճարին զարդերէն մէկ մասն էր այսպիսի շուշաններու քանդակակերպ յօրինուած. (Գ Թագաւորաց Է 19)։
Նոր Կտակարանին մէջ յիշուած «Դաշտի շուշան»ը. (Մատթէոս Զ 28) «ծիրանագոյն վայրի շուշանն» է, որ ընտանի է բոլոր Գալիլիայի մէջ, եւ շքեղ ծաղիկ է ապարօշի (=թագ, խոյր, վարսակալ, փաթթոց) նման։ Շուշանը կը բացուի Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներու մէջ՝ որ հաւանականապէս ժամանակն էր այն քարոզին, զոր մեր Տէրը տուաւ լերան վրայ…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 27, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/25/2025
- 02/25/2025