Պունտեսթակի որոշումը եւ թրքահայ համայնքը (Ա.)
Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հայկական հարցին շուրջ առնուած ծանօթ որոշումը վերջին օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ Թուրքիոյ օրակարգը։ Գերմանական օրէնսդիր մարմնին կողմէ 1915-ի դէպքերուն որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը մեծ վրդովմունք յառաջացուցած է հանրային կարծիքի գրեթէ բոլոր խաւերուն մօտ՝ քանի որ հայկական կողմին տեսակէտէ որդեգրուած է միակողմանիօրէն։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, պետութեան բոլոր բարձր մակարդակի ներկայացուցիչները արտայայտած են իրենց բողոքը։ Անգարա-Պերլին առանցքին լարուածութիւնը արձագանգ գտած է նաեւ համաշխարհային մետիային մօտ։ Դիւանագիտութեան ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւններով Թուրքիա միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ կը պաշտպանէ իր տեսակէտը։
Ինչպէս կ՚ըլլայ նման բոլոր պարագաներուն՝ Թուրքիոյ հայ համայնքն ալ իրադարձութիւններուն կը հետեւի ուշադրութեամբ։ Այս շրջագծով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ստորագրութեամբ Հանրապետութեան նախագահին նամակ մը ուղարկուած է Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։
Հայկական հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ երրորդ երկիրներու միջեւ ծագած բոլոր քաղաքական լարուածութիւնները, դժբախտաբար, բոլորէն աւելի մեր համայնքի ցնցուելուն պատճառ կը դառնայ։ Թուրքիոյ հայերը անհանգստութեան կը դատապարտուին այնպիսի գործընթացներու հետեւանքով, որոնք իրենց կամքէն բացարձակապէս անկախ կը զարգանան, որոնց ընթացքին վրայ ազդելու հնարաւորութենէն զերծ են եւ որոնց շրջագծով գործօն չեն։ Ինչպէս ժողովրդական խօսքի փոխաբերական իմաստին մէջ արտայայտուած է լաւագոյնս, մեծ ժայռերը կը բախին ու անոնց միջեւ կը ճզմուին հաւկիթները։
Իրադրութեան շիկացած նման իրավիճակներուն մէջ Թուրքիոյ հայերը յաւելեալ ճիգեր կը գործադրեն՝ լայն հասարակութեան հետ իրենց կենսական երկխօսութեան կայունութիւնը պահպանելու համար։ Այս պարագան տասնամեակներէ ի վեր մաս կը կազմէ համայնքի իրականութեան։ Առանց ինքզինք որպէս տուժած ձեւացնելու, համայնքը կուրծք կու տայ այս կացութեան՝ իրապաշտ եւ լրջամիտ ջանքերով։ Հակառակ իր սահմանափակ հնարաւորութիւններուն ու ներուժին, մեր համայնքը այս ուղղութեամբ ուժ կը գտնէ իր մէջ։ Այստեղ իր մեծագոյն յենակէտը այն է, որ համայնքը միշտ կը մնայ այնպիսի կէտի մը վրայ, ուր հակադրութեան մէջ չի դներ իր քաղաքացիական պատասխանատուութիւններն ու արմատներէն բխած զգայնութիւնները եւ այս առումով կը յաջողի վճռակամութիւն դրսեւորել։ Երկրին նկատմամբ կապուածութիւնը, պետութեան նկատմամբ վաղեմի հաւատարմութիւնը եւ հասարակութեան նկատմամբ անկեղծ սէրը սոյն ջանքերու եւ որոնումներու մթնոլորտին մէջ կենսունակութիւն կը պարգեւէ համայնքին։
Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշման յաջորդած ժամանակաշրջանին համայնքային կեանքէն ներս ապրուածներուն լոյսին տակ հարկ է արձանագրել հետեւեալ հանգամանքները։
1- Հայկական հարցը անկարելի է եզրաբանական (թերմինոլոժիք) նախընտրութեան մը մակարդակին իջեցնել եւ այս ամլութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ մակերեսային այնպիսի դիմադրութեան մը, որ կրնայ խոչընդոտել լուծման ջանքերը։ Միակողմանի պարտադրանքները, երկարաժամկէտ առումով բաւարար չեն կրնար ըլլալ արդարացնելու համար սպասումները՝ «էմփաթի»ի հիման վրայ համաձայնութեան հեռանկարի մը ձեւաւորման առումով։ Որքան որ ալ երրորդ կողմերու դիրքորոշումը ստեղծեն որոշ ալեկոծումներ՝ այս խնդիրը վերջին հաշուով պիտի լուծուի երկկողմանի հարթութեան վրայ։ Հետեւաբար, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին պէտք է մասնակցիլ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի աղօթքներուն։ Արդարեւ, երրորդ կողմերու միջամտութիւններու կանխարգիլման տեսակէտէ անհրաժեշտ գետինը պիտի պատրաստուի՝ շնորհիւ միջպետական հարթութեան վրայ ապահովուելիք առարկայական, արդար ու մշտական լուծման։
2- Որքան որ ալ վառ ըլլան կողմերու միջեւ առկայ խորապէս անհաղորդ վիճակի դրսեւորումները, 23 Ապրիլ 2014 թուականին, իր վարչապետութեան շրջանին, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ հրապարկուած ցաւակցականի տարրն ու ոգին քաղաքական վճռակամութեան մը ապացոյցը կը համարուի, իսկ Թուրքիոյ հայութիւնը այդ մէկը որպէս յոյս կը կրէ իր սրտին մէջ։
3- Անկախ իրադրութեան շիկացման հասած մակարդակէն, Թուրքիոյ հայ համայնքը համոզուած է, թէ իր բոլոր իրաւունքները, ազատութիւնները ամենաընդգրկուն իմաստով երաշխաւորուած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ։ Երկիրը ներկայիս ժողովրդավարութեան զարգացման առումով նոր վերելք մը ապահովելու որոնումներուն մէջ է եւ փոքրամասնութիւններուն համար կատարուած բարեփոխումները չափանիշ կը համարուին այս ճանապարհին վրայ։ Հետեւաբար այս առանցքին շուրջ անտեղի է որեւէ մտահոգութիւն կամ կասկած։ Հանդուրժողական հաւաքականութիւն մը դառնալու ճանապարհին վրայ՝ մեր համայնքի անդամները յիշողութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ հանդէս կու գան տեսակաւոր դիրքորոշումներով։ Այս երեւոյթը պէտք է ընկալել պաղարիւնութեամբ՝ որովհետեւ սա տուեալ նիւթի բարդ բնոյթի բնական հետեւանքն է։
4- Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գրի առնուած վերջին նամակին շուրջ համայնքին եւ համայնքային մամուլին կարգ մը հատուածներէն բարձրացած են հակազդեցութեան ձայներ։ Համայնքին մնացեալը թէեւ այս երեւոյթը ցաւալի կը համարէ, սակայն ուշադիր պէտք է ըլլալ բեւեռացումներ չհրահրելու տեսանկիւնէն։ Համայնքը հաւաքական զօրակցութեան իմաստով պէտք է այս շրջանին գտնուի ամենաբարձր աստիճանին վրայ, հետեւաբար պէտք է խուսափիլ այնպիսի քայլերէ, որոնք յոռետեսութեան պատճառ կրնան դառնալ մեր հասարակաց պատասխանատուութիւններու նկատմամբ գիտակցութեան տեսանկիւնէն։ Ակնյայտ է, որ համայնքին մէջ կայ նաեւ անանտեսելի զանգուած մը, որ կողմնակից չէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քաւութեան նոխազ դառնալուն եւ առկայ իրավիճակին մէջ կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը անոր նկատմամբ։ Սկզբունքօրէն յարգանքով պէտք է վերաբերուիլ ամէն տեսակ կարծիքի նկատմամբ եւ այդ տարբեր մօտեցումներուն արտայայտութիւնը պէտք չէ ժխտական տպաւորութիւն մը ստեղծէ մեր համայնքի ընդհանուր ներդաշնակութեան տեսանկիւնէն։ Միշտ պէտք է գերադասել մեր համայնքի հասարակաց յայտարարներու ամրապնդումը։
5- Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, որպէս մեր համայնքի հոգեւոր կեդրոնը, տասնամեակներէ ի վեր նման իրավիճակներու մէջ կ՚առնէ հաւասարակշռուած եւ լայն հասարակութեան տեսակէտէ համոզիչ քայլեր։ Իր ոճէն ու բանաձեւումներէն անկախ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի վերջին նամակի ցոլացուցած դիրքորոշումը հակասութիւն մը չի կազմեր այս առումով։ Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած տեսակէտները, նախ եւ առաջ, հետամուտ են փոխանցելու այն պատգամը, թէ որպէս երկրի համահաւասար քաղաքացիները՝ նման իրավիճակներու մէջ հայ համայնքը չ՚անտեսեր թրքական հանրային կարծիքին մօտ յառաջացած զգայնութիւնները, ու կը բաժնէ զանոնք։ Հետեւաբար, մեր համայնքի իրականութիւններուն ներհակ առաւելապաշտ սպասումներով պէտք չէ Պատրիարքական Աթոռը ներգրաւել բանավէճերու մէջ։
6- Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումը համընկնած է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Թուրքիոյ մէջ վերստին սաստկացած են ահաբեկչական արարքները։ Հայ համայնքն ալ ամբողջ երկրին հետ կը սգայ ողբերգական դէպքերը եւ նահատակներու վերաբերեալ դառն լուրերը։ Մօտաւոր անցեալի կտրուածքով կարելի է վերյիշել բազում օրինակներ, երբ նման դժուարին ժամանակներու մէջ երկրի կարգ մը հատուածները մութ նախապաշարումներով փորձած են որպէս թիրախ ցոյց տալ Թուրքիոյ հայ համայնքը։ Բարեբախտաբար անոնց մտադրութիւնները չեն իրականացած նախ հասարակութեան գիտակից հատուածի դիրքորոշման, ապա պետութեան վերաբերմունքին շնորհիւ։ Յամենայնդէպս, ըստ երեւոյթին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առկայ մթնոլորտին մէջ բոլոր գործօնները հաշուի առնելով ուղարկած է Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին հասցէագրուած նամակը։
Մեր համայնքը ունի շատ նուրբ դիրք մը, ուստի հայկական հարցին շուրջ կողմերէն որեւէ մէկը կամ որեւէ շրջանակ պէտք չէ ձգտի մեր Պատրիարքարանը իր կողմը քաշելու եւ կամ անոր իր տեսակէտներուն համահունչ ուղղութիւն մը տալու ջանքեր պէտք չէ գործադրէ։ Մեր Պատրիարքութիւնը ունի հարիւրամեակներու խորքէն թորած փորձառութիւն մը եւ այդ պաշարը արդէն ինքնաբերաբար լոյս կը սփռէ լուծման ճանապարհին վրայ։
Խաղաղութեան իտէալները, ճիշդ է, որ միշտ կեանքի կը կոչուին շօշափելի զոհողութիւններով։ Անվիճելի իրողութիւն մըն է, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը եւ մեր համայնքը այդ զոհողութիւնը կը կատարեն համբերութեամբ եւ հաւատով։
- Վաղը պիտի շարունակենք այս նիւթին վերաբերեալ մեր խորհրդածութիւնները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ