Պունտեսթակի որոշումը եւ թրքահայ համայնքը (Բ.)

Թրքա­հայ հա­մայն­քի օ­րա­կար­գը ար­տա­սո­վոր նիւ­թով մը զգա­լիօ­րէն ծան­րա­բեռ­նուե­ցաւ վեր­ջին օ­րե­րուն։ Պուն­տես­թա­կի կող­մէ ըն­դու­նուած ո­րո­շու­մով մը Գեր­մա­նիա պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցաւ հա­յոց ցե­ղես­պա­նու­թիւ­նը։ Երկ­րէն ներս յա­ռա­ջա­ցած բո­ղո­քի ա­լի­քի մթնո­լոր­տին մէջ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­մակ մը ու­ղար­կեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին։ Այս ե­րե­ւոյթն ալ հա­մայն­քի կարգ մը շրջա­նակ­նե­րուն մօտ տե­ղի տուաւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու։ Նա­խըն­թաց օր ստեղ­ծուած ի­րադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու ժո­ղով­ներ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան նոյ­նա­ժա­մա­նակ եր­կու նիս­տեր։ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Կրօ­նա­կան ժո­ղով, իսկ Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ար­տա­հերթ դռնփակ ժո­ղո­վը։ Ե­րէկ ար­դէն ման­րա­մաս­նօ­րէն նկա­րագ­րած էինք Գում­գա­բուի մէջ Եր­կու­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան սկսած եւ կէս գի­շե­րը անց ա­ւար­տած աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քը։ Այ­սօր ար­դէն թէ՛ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին եւ թէ VADİP-ին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած եր­կու պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյց­նե­րը լոյս կը տես­նեն մա­մու­լին մէջ։

Հարկ է նշել, որ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի զե­կոյ­ցին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ու­նի պատ­շաճ կշիռ մը։ Այն­տեղ հրա­պա­րա­կուած է կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն մը, ըստ ո­րու Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մեր աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րուն կող­մէ տրուած խոր­հուրդ­նե­րուն հի­ման վրայ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին ու­ղար­կած է նա­մակ մը։ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի եւ VADİP-ի զե­կոյց­նե­րը կը բո­վան­դա­կեն ու­շագ­րաւ հա­սա­րա­կաց կէտ մը։ Ար­դա­րեւ, եր­կուքն ալ յար­մար կը դա­տեն, որ ա­պա­գա­յին նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ հա­մայն­քի վե­րա­բեր­մուն­քը պէտք է ար­տա­յայ­տուի ա­ւե­լի լայ­նա­խա­րիսխ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րով։ Լաւ է, որ այդ մօ­տե­ցու­մին կտրուած­քով կը հա­մընկ­նի Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին եւ VADİP-ի վե­րա­բեր­մուն­քը։ Թէեւ մեր լսում­նե­րով՝ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի եւ VADİP-ի կող­մէ այդ հա­սա­րա­կաց կէ­տին վե­րագ­րուած ի­մաս­տը կամ այն­տեղ տո­ղե­րու ա­րան­քին տրուած պատ­գա­մը տար­բեր է։ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կ՚ու­զէ ա­պա­հո­վել, որ խնդրա­յա­րոյց նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը քա­ւու­թեան նո­խած չդառ­նայ եւ այս պատ­ճա­ռով պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը բաժ­նե­լու կը հրա­ւի­րէ հա­մայն­քի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը, ինչ որ ու­նի իր տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը։ Իսկ VADİP-ի կող­մէ վե­րագ­րուած ի­մաս­տը ա­ւե­լի պայ­մա­նա­կան, պայ­մա­նադ­րա­կան բնոյթ մը ու­նի։ VADİP-ի ակ­նար­կու­թիւ­նը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այն է՝ որ հա­մայն­քի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը կը ձգտին ո­րոշ չա­փով սահ­մա­նա­փա­կել կամ հա­ւա­սա­րակշ­ռել Պատ­րիար­քա­րա­նի քայ­լե­րը՝ հա­մայն­քի ըն­հա­նուր ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան նիւ­թե­րուն շուրջ։ VADİP-ի վեր­ջին դռնփակ ժո­ղո­վին վե­րա­բե­րեալ մեր ու­նե­ցած լսում­նե­րը կը հաս­տա­տեն այս վար­կա­ծը։

Պուն­տես­թա­կի ո­րոշ­ման բե­րու­մով ստեղ­ծուած աղ­մու­կը մեր հա­մայն­քին վրայ անդ­րա­դար­ձած է ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն եւ այդ ազ­դե­ցու­թեան խնդի­րը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կ՚ամ­փո­փուի այ­սօր մեր մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած եր­կու զե­կոյց­նե­րով։ Սա­կայն, բուն խնդի­րը կը մնայ առ­կայ։ Ըստ մեր ան­պաշ­տօն լսում­նե­րուն, VADİP-ի վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին կարգ մը հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­ներ ար­դա­րօ­րէն հարց տուած են, թէ ե­թէ ա­պա­գա­յին ալ ըլ­լան նման ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ա­պա ի՞նչ պի­տի ը­նէ մեր հա­մայն­քը։ Ան­տա­րա­կոյս սա ար­դար հար­ցադ­րում մըն է եւ այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան­պայ­ման պէտք է մտա­ծել եր­կա­րա­ժամ­կէտ մօ­տե­ցու­մով։ Հա­մայն­քի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը Պատ­րիար­քա­րա­նին հետ խորհր­դակ­ցա­բար պէտք է ճա­նա­պարհ մը գտնեն, որ­պէս­զի հա­ւա­սա­րակշ­ռուած ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցում մը որ­դեգ­րուի՝ հայ­կա­կան հար­ցի ար­տա­սահ­մա­նի դրսե­ւո­րում­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Սկզբուն­քա­յին շրջա­գիծ մը պէտք է ու­նե­նայ մեր հա­մայն­քը, որ­պէս­զի ա­մէն ան­գամ խու­ճա­պի մը չեն­թար­կուի, այդ խու­ճա­պին մէջ չապ­րի նաեւ ներ­քին տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ։ Մնաց որ, այդ ներ­քին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը յա­ճախ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ կը ստեղ­ծեն այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ այս հար­ցին շուրջ մեր հա­մայն­քը լուրջ ճնշու­մի մը տակ կը գտնուի։ Այ­սինքն, երկ­րին կամ պե­տու­թեան նկատ­մամբ հա­ւա­տար­մու­թիւն վե­րա­հաս­տա­տե­լու ջան­քե­րը այն­քան սի­րո­ղա­կա­նու­թեամբ կը գոր­ծադ­րուին, որ վեր­ջին հա­շուով ոչ թէ խնդիր­ներ կը լու­ծեն, այլ նոյ­նիսկ կրնան նոր հար­ցեր ծնիլ։

Հա­մա­խումբ եւ ի­րա­տես աշ­խա­տան­քը այս պա­րա­գա­յին եւս հա­մայն­քի յա­ջո­ղու­թեան հիմ­նա­կան գրա­ւա­կանն է։ Ոչ թէ վա­խը, այլ միտ­քը պէտք է գե­րա­դա­սէ այս ո­րո­նում­նե­րուն մէջ։


ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016