«ԲԱՑԱԿԱՅ» ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

«Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ գոր­ծող Թոփ­հա­նէի «Թիւ­թիւն տե­փո­սու» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցուե­ցաւ մեր գե­ղա­րուես­տա­կան կեան­քի հա­մակ­րե­լի դէմ­քե­րէն Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լուի ցու­ցա­հան­դէ­սը։ «Տե­փօիս­թան­պուլ»ի հա­մա­լի­րէն ներս Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լու այս շրջագ­ծով կը ներ­կա­յաց­նէ լռու­թեան եւ պա­կա­սու­թեան նկար­ներ։ «Բա­ցա­կայ» խո­րագ­րեալ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կ՚ընդգր­կէ հե­ղի­նա­կին 39 ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­նուն տե­սաե­րիզ մը։

Իր ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին առ­թիւ Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լու կու տայ այն պատ­գա­մը, թէ այ­սօր իւ­րա­քան­չիւր հա­յու տու­նէն ներս զգա­լի է պա­րա­պու­թիւն մը, նոյ­նիսկ ա­մե­նաեր­ջա­նիկ սե­ղա­նին շուրջ։ Այս մէ­կը ժո­ղո­վուր­դի մը պա­կա­սա­ւոր մնա­ցած ըլ­լա­լու պատ­մու­թիւնն է։ Այդ պա­կա­սու­թիւ­նը կը բխի նաեւ այն հան­գա­ման­քէն, որ ըստ ար­ժան­ւոյն կա­րե­լի չ՚ըլ­լար ապ­րիլ սուգ մը։ Այլ խօս­քով, ա­ռանց այ­լա­նա­լու կեանք մը շա­րու­նա­կե­լու կա­րօտն է այս մէ­կը։ Ի դէպ, այս զգա­ցու­մը ցո­լա­ցումն է ցա­ւի մը, մտա­հո­գու­թեան մը, որ կը փո­խան­ցուի սե­րուն­դէ սե­րունդ։ Այս հո­գե­վի­ճա­կը կը ձգտի ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մոռ­նա­լու, սա­կայն չի յա­ջո­ղիր։ Ցա­ւը միշտ կը մնայ առ­կայ, ան­շուշտ, հե­ղի­նա­կի խօս­քով՝ ինք­նահ­րա­ժա­րած­նե­րու բա­ցա­ռու­թեամբ։ Սա, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, հո­գու ցաւ մըն է։ Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լուի բա­նա­ձե­ւու­մով՝ այդ ցա­ւը չ՚ար­տա­յայ­տուիր ո­րե­ւէ լե­զուով ու կը պար­տադ­րէ լռու­թիւն։

Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լու այս խո­հե­րուն հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն կը հրամց­նէ իր զգա­ցում­նե­րու պոռթ­կու­մը։ Խտա­ցեալ եւ ան­կաշ­կանդ վրձի­նի հա­րուած­նե­րով ան ստեղ­ծա­գոր­ծած է՝ ըստ էու­թեան օգ­տա­գոր­ծե­լով սեւն ու կար­մի­րը։

2015 թուա­կա­նի տա­րե­լի­ցի մթնո­լոր­տին մէջ կ՚ար­ժե­ւո­րուի Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լուին ցու­ցա­հան­դէ­սի պատ­գա­մը։ Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը խո­րա­թա­փանց նե­րաշ­խար­հի մը դրսե­ւո­րու­մը դար­ձած են՝ այն հա­մոզ­ման հի­ման վրայ, թէ ներ­կայ 100-ա­մեա­կը բա­ցա­կա­յու­թեան, պա­կաս մնա­լու հէ­քեաթ մը կը պար­փա­կէ։ Եւս ա­ռա­ւել, այդ հէ­քեա­թը կը նե­րառ­նէ հա­կա­ռակ ա­մէն ին­չի գո­յա­տե­ւե­լը, գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար դի­մադ­րու­թիւ­նը։

Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լուի ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Մար­տի 29-ը։

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015