ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀԱՄԱԼՐՈՒԻ ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆՄՈՅՇՆԵՐՈՎ
Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարանը արդէն առարկայ կը դառնայ գեղարուեստասէրներու եւ ստեղծագործական շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Թէեւ տակաւին շատ կարճ ժամանակ անցած է այս թանգարանի պաշտօնական բացումէն ի վեր, սակայն այնտեղ ստեղծուած է մեծ եռուզեռ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 145-ամեակին ձօնուած ցուցհանդէս մը, որու շրջագծով ցուցադրուեցան գեղանկարներ, քանդակներ, կրաֆիքներ եւ այլ ստեղծագործութիւններ։ Բոլորն ալ Կոմիտասի ներշնչանքով, Կոմիտասը ներկայացնելով պատրաս-տըւած էին այս գործերը, որոնց հեղինակներն են հայ արդի արուեստագէտներ։
Ցուցահանդէսի աւարտին, այս արդի արուեստի նմոյշներով պիտի համալրուի Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառի հաւաքածոն։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան կողմէ եւ բաց պիտի մնայ մինչեւ Մարտի 15-ը։