ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու դէպի Նիւ Եորք կատարած այցելութեան շրջագծով հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս գործող թրքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Թրքական կայքէջերու հաղորդումներուն հիման վրայ՝ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ այլ խնդիրներու շարքին այս տեսակցութեան ընթացքին Ահմէտ Տավուտօղլու անդրադարձած է նաեւ հայկական հարցին, 2015 թուականի նշուող տարելիցին։
Հաւաքոյթի ընթացքին Տավուտօղլու կոչ ուղղեց, որպէսզի մէկ կողմ թողուին ազգային հարցերու վերաբերեալ տարակարծութիւնները եւ համատեղ աշխատանք իրականացուի 1915 թուականի դէպքերու 100-րդ տարելիցին ընդառաջ։