Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Շիրինօղլու ընտանիքը երէկ ունեցած է ցաւալի եւ տխուր կորուստ մը։ Այսպէս, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու կորսնցուցած է իր մօրաքոյրը՝ Ռեժինա Ըլկարօղլուն։ Շիրինօղլու ընտանիքը խոր ցաւ կ՚ապրի այս կորուստին բերումով, որովհետեւ նորոգ հանգուցեալ Ռեժինա Ըլկարօղլու մօր մը գուրգուրանքով վերաբեր-ւած է ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ՝ երկար տասնամեակներ։
Այս դառն կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալին ու մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք համայն Շիրինօղլու գերդաստանին, Ըլկարօղլու ընտանիքին։
Շաբաթ, Մարտ 7, 2015