ՓՈԽԱՆ ԱՆԷԾՔԻ՝ ՍԷ՛Ր

Ա­նա­սուն մը զգա­ցում ու­նի՞. ե­թէ կրնայ ան­գութ ըլ­լալ ըստ ե­րե­ւոյ­թի, չի կրնա՞ր նաեւ գո­րո­վիլ, երբ փո­խան ա­նէծ­քի սէ՛ր կ՚ըն­դու­նի։ Եւ մար­դը՝ ա­սուն եւ բա­նա­ւո՛ր էա­կը, ան ալ շատ ան­գութ է յա­ճախ, նոյ­նիսկ ա­ւե­լի քան ա­նա­սուն ու ան­բան էա­կը եւ հա­զուա­դէպ է, որ փո­խան ա­նէծ­քի սէր ցոյց տայ, ա­տե­լու­թեան փո­խա­դար­ձէ սի­րով եւ գթու­թեան ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րով։ Ուս­տի, ան­բան ա­նա­սուն էա­կը ան­գո՛ւթ է բնազ­դա­բար, բայց բա­նա­ւոր ու ա­սուն էա­կը ան­գութ է՝ գի­տակ­ցա­բա՛ր…։

Սա­կայն հարց չէ, թէ ա­նա­սուն մը զգա­ցում ու­նի՞ կամ ոչ։

Ա­նա­սու­նը «ա­նա­սուն» է եւ ան­բան վեր­ջա­պէս։

Բայց թէ ի՞նչ կը զգայ մարդ, այդ է կա­րե­ւո­րը, քա­նի որ մարդ՝ բա­նա­ւոր ու ա­սուն էակ մըն է, եւ «մա՛րդ» է…։

Այդ զգա­ցու­մին հա­մար ու­րախ զգա­լու է մարդ ինք­զինք, բայց ա­ւե­լին՝ ե­րախ­տա­պարտ Աս­տու­ծոյ այն «ա­զա­տու­թեան» հա­մար, որ ինք կը վա­յե­լէ։ Գի­տա­կից ըլ­լալ Աս­տու­ծոյ սի­րոյն՝ որ ի­րեն ա­զա­տու­թիւն, մտա­յին ու զգա­ցա­կան ան­կա­խու­թիւն պար­գե­ւած է, ինչ­պէս որ մարդն ալ բան­տար­կուած ու ա­նօգ­նա­կան ա­նա­սու­նի մը ա­զա­տու­թիւն տուած է։

Հա­պա ե­թէ Աս­տուած Ի՛նքն ալ մար­դը սի­րած չըլ­լար այն­պէս եւ ան­հու­նա­պէս ա­ւե­լի՛, ինչ­պէս մար­դը սի­րեց ա­նա­սու­նը, ի՞նչ պի­տի ըլ­լար մար­դուն վի­ճա­կը. «բան­տար­կեալ» մըն ալ ի՛նք պի­տի ըլ­լար. ո՞վ գի­տէ, ի՜նչ­պի­սի թշուա­ռու­թեան եւ մեղ­քի բան­տի մը մէջ։ Ան­բան ու ա­նա­սուն էա­կը, որ ան­պատ­ճառ յոգ­նած ու տկա­րա­ցած է իր կեան­քին ծան­րու­թեա­նը տակ, մար­դուս տա­նը դռնէն թո՛ղ ներս մտնէ, երկն­քի ու տա­րի՜­նե­րու յանձ­նե­լով իր կեան­քին մնա­ցած օ­րե­րը։ Ուս­տի, բա­նա­ւո­րը ան­բա­նին՝ ա­սու­նը ա­նա­սու­նին օգ­նե­լու կո­չուած է, քա­նի որ այս ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար ան բա­նա­ւոր է ու ա­սո՛ւն։

Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ, հոս է կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ բա­նա­ւո­րու­թեա­նը եւ ա­սուն ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու, ինք­զինք մա՛րդ զգա­լու եւ մա՛րդ ապ­րե­լու ա­զա­տու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու։ Եւ կեան­քին ա­զա­տու­թիւ­նը կա­րե­նալ վա­յե­լել ա­նար­գել ու ան­կա՛խ։ Բայց ա­նա­սու­նը եւ ան­բա­նը, ե­թէ նոյ­նիսկ զգա­ցում չու­նի, կեա՞նք ալ չու­նի…։

Բո­լոր նե­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ, ծան­րու­թիւն­ներ այդ կեան­քին մէ՛ջն են։ Զոր օ­րի­նակ՝ թռչու­նի մը թե­ւե­րը վե՛ր թռչե­լու հա­մար է եւ ո՛չ՝ վար։ Միշտ վեր, միշտ վե­րի­նին, բարձ­րու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեան, միշտ զօ­րու­թեան, քա­նի որ բնու­թիւ­նը կոչուած է այս իսկ նպա­տա­կին, ամ­բող­ջու­թեան, լիու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեա՛ն։

Եւ ո՜վ մարդ, դո՛ւն ի՞նչ կ՚ը­նես, որ ա­պա­ցու­ցա­նես, թէ ան­բա­նէ մը, ա­նա­սու­նէ մը ա­ւե­լի՛ զգա­յուն ես ու գի­տա­կից։ Չէ՞ որ դո՛ւն ալ, ո՜վ մարդ, եր­բեմն, չը­սե­լու հա­մար յա­ճախ, վա՛ր կը նա­յիս, եւ շատ ան­գամ կը տապլտ­կիս տիղ­մի մէջ, կը սի­րես վա­րը ըլ­լալ՞ վա­րը ապ­րիլ։

Ո՜վ մարդ, Աս­տուած «Սի՛րտ» դրեր է մէջդ, որ «Սի­րես», բայց դո՛ւն, ո՜վ մարդ, հրա­ժա­րե­լով սի­րոյ այդ լու­սա­ւոր բարձ­րու­թե­նէն, կը մտնես խա­ւա­րի մը մէջ, վա­րը՝ ուր կայ միայն ա­նէծք ու ա­տե­լու­թիւն։ Ո՜վ մարդ, սիր­տը սի­րե­լու հա­մար տրուած է քե­զի, եւ ո՛չ թէ ա­տե­լու եւ ա­նի­ծե­լու հա­մար քու նման­ներդ՝ եղ­բայր­ներդ, հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը, ո­րոնց­մէ ա­մէն մէ­կը դո՛ւն ես, չկայ ո­րե­ւէ խտրու­թիւն քու եւ նմա­նիդ մի­ջեւ, քու կո­չումդ կը պա­հան­ջէ սի­րե՛լ, սի­րել՝ փո­խա­նակ ա­նի­ծե­լու։

Յի­սուս Քրիս­տոս ե­կաւ, որ­պէս­զի մեր հո­գիի թե­ւե­րը միշտ վե՛ր բարձ­րաց­նեն մեզ, փրկե­լով վա­րը՝ կորս­տեան վի­հին մէջ մնա­լէ։ Բայց ի՜նչ ող­բեր­գու­թիւն, ի՜նչ ցաւ՝ որ կա­մո­վին կ՚ոչն­չաց­նենք մեր թե­ւե­րը եւ մենք զմեզ կը բան­տար­կենք խա­ւա­րին մէջ՝ ուր կը սա­ռին ու կը կարծ­րա­նան մեր սիր­տե­րը եւ կը պար­պուին սէ­րէն։ Ե­թէ չկայ սէր, չկայ ու­րեմն սիրտ, եւ երբ չկայ սիրտ՝ չկայ նաեւ կեանք։ Սիր­տէն կը բխի սէ­րը, եւ սէ՛րն է, որ կը ստեղ­ծէ մարդ­կա­յին ամ­բող­ջա­կան կեան­քը։

Կար­ծրա­ցած սառ սիր­տեր չեն կրնար սի­րել, չեն կրնար հասկ­նալ կեանք մը ապ­րե­լու վա­յել­քը, եւ ա­նոնք երբ զուրկ են զգա­ցու­մէ, հա­ւա­տա­րիմ չեն մնար ի­րենց «մարդ» կո­չու­մին։ Ա­նոնք կու գան ու կ՚անց­նին ա­ռանց «ապ­րել»ու, քա­նի որ ապ­րիլ շունչ առ­նել ու տալ չի՛ նշա­նա­կեր, այլ՝ զգա՛լ, ի­մա­նալ ու անդ­րա­դառ­նալ։

Ու­րեմն, ջա­նանք տաքց­նենք մեր «սառ-սիրտ»ե­րը, ա­զատ թո­ղունք սէ­րը, եւ հա­ւա­տա­րիմ մնանք մեր «մա՛րդ կո­չու­մին»։

Սէ՜ր՝ փո­խա­նակ ա­տե­լու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 3, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015