ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑԱՆՑ
Օրերս Երեւանի մէջ հանդիպեցանք Հայկական գործարար գործակալութեան (Armenian Business Agency) եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի նախագահ, ֆրանսահայ «Այբ» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Վարդան Գաբրիէլեանին, որ Երեւան կը գտնուէր յառաջիկայ Հոկտեմբերի 15-ին Փարիզի Westin Paris-Vendome պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք Հայկական-միջազգային գործարարներու համաժողովի գործերով:
Այդ համաժողովը պիտի համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներէն հայ եւ օտար գործարարներ եւ ներդրումներ կատարողներ, որոնց պիտի ներկայացուին նախօրօք պատրաստուած եւ ուսումնասիրուած արհեստավարժ ներդրումային ծրագիրներ: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Վարդան Գարբրիէլան ըսաւ, որ այդ համաժողովին պիտի մասնակցին քսան երկիրներէ շոորջ հարիւր գործարարներ եւ այդ ժամանակ նոր ծրագիրներու հեղինակները պիտի ներկայացնեն իրենց նախագիծերը՝ հնարաւոր ներդրողները գրաւելու նպատակով։ Տեղեկացանք նաեւ, թէ առաջին անգամն է, որ հայկական կառոյց մը արհեստավարժ եւ հմուտ մասնագէտներու մասնակցութեամբ կը ստեղծէ գործարար հարցերով զբաղող գործակալութիւն մը (Armenian Business Agency), որու ընդհանուր նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերու տնտեսական զարգացման ծրագրերուն, ստեղծել հայ գործարարներու համաշխարային ցանց մը, ուր զանազան կապերով միացած կ՚ըլլան հայ եւ օտար գործարարներ ի շահ Հայաստանի եւ հայկական գործարարութեան: Առաւել մանրամասն Վարդան Գաբրիէլեան պատմեց յատուկ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
-Պարոն Գաբրիէլեան, արդէն պատրա՞ստ են այն ծրագիրները, որոնք պիտի ներկայացուին համաժողովի ընթացքին:
-Այո՛, արդէն պատրաստ են մեր մասնագէտներուն կողմէ մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան ենթարկուած ծրագիրները, որոնք ունին high added value (բարձր աւելացուած արժէք), որոնք պէտք է ներդրողներուն ուշադրութեան արժանանան, որմէ ետք այդ գործարարութիւն-ծրագիրներ ներկայացնողները եւ ներդրողները միասին իրենց ճանապարհը կը շարունակեն խորացնելու քննարկումները եւ հաւանաբար հասնելու փոխշահաւէտ պայմանագրային համագործակցութեան:
-Յղանալով նման համաշխարհային ցանց ստեղծելու գաղափարը, ի սկզբանէ ի՞նչ նպատակներ ունեցած էք:
-Մեր նպատակն է ցանկագրել, հաւաքագրել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող, գործող հայ ձեռներէցներ, կեդրոններ եւ բարձրաստիճան ղեկավարներ, որոնք բազմահազար են, եւ առ այսօր չկայ որեւէ համախմբում, որ այս գործարարներու կամ ընկերութիւններու ցանկագրում եւ համագործակցութեան միջավայր ստեղծէ:
Հայկական գործարար գործակալութիւնը նպատակադրած է աշխուժացնել հայկական գործարարութիւնը աշխարհով մէկ, հաւաքել ամբողջ աշխարհի հայ ձեռներէցները եւ համագործակցութեան առիթ ստեղծել անոնց միջեւ: Բայց նաեւ ի մտի ունի հայաստանեան գործարարութիւնը զարգացնել, խրախուսել Հայաստանի ուղղուած ներդրումները, համագործակցութիւններ ստեղծելու առիթները, չնայած որ այս մէկը երկարատեւ գործընթաց մըն է: Այս է նպատակը, որուն համար մենք եկած ենք Հայաստան, որպէսզի նաեւ Հայաստանէն ծրագիրներ գտնենք, մշակենք, կամ վերամշակենք, ուղղորդենք եւ ներկայացնենք մեր ներդրողներուն, որպէսզի բարձր արժէք ներկայացնող ծրագիրները չըլլան միայն Սփիւռքէն, այլ ըլլան նաեւ՝ Հայաստանէն:
-Հայաստանի կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կը վերաբերի ձեր աշխատանքին:
-Տնտեսութեան նախարարութեան մակարդակով՝ ինչպէս նախորդ, այնպէս ալ՝ ներկայ նախարարի, զանազան պաշտօնեաներու, Արդիւնաբերական պալատի ներկայացուցիչներու, բոլորին վերաբերմունքը դրական է: Իրենք հասկցած են ասկէ առաջ, որ այս նախաձեռնութիւնը շատ օգտակար ծրագիր մըն է, նախապէս՝ չիրագործուած ծրագիր մը, որուն արդէն պէտք է նախաձեռնէին մարդիկ, ահաւասիկ մենք նախաձեռնած ենք: Մենք շատոնց սկսած ենք հաւաքագրման, ծրագիրներու մշակման, փնտռտուքի, քննարկումներու աշխատանքին:
-Բոլոր երկիրները դիտարկուա՞ծ են, իբրեւ հնարաւոր անդամներ ունեցող երկիրներ:
-Այո՛, մենք միջազգային մակարդակով սկսած ենք այս գործունէութեան, բայց չենք կրնար ըսել, որ բոլոր երկիրներուն հասած ենք: Օրինակի համար, զարմացած ենք, որ Հունգարիայէն, Լեհաստանէն եւ Կիպրոսէն մասնակցութեան յայտեր եկած են: Նախապէս մեր առաջին թիրախները եղած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Լիբանանը, Ռուսաստանը եւ այնպիսի երկիրներ, ուր հայկական մեծ գաղութներ կան, նաեւ՝ Հայաստան, բայց զարմանալիօրէն նաեւ փոքր երկիրներէ կամ անհաւանական երկիրներէ յայտեր կան: Գործը երկիրով չէ, անհատներով է, կան անհատներ, որոնք քանի մը երկրի մէջ գործունէութիւն ունին, կ՚ընդունին գաղափարը, կը հասկնան, որ այս մէկը անհրաժեշտ է:
-Մօտաւորապէս արդէն կրնաք խօսիլ քանի՞ գործարարի մասին, որոնք հիմա ցանցի մէջ են:
-Խօսքը եօթանասունէն մինչեւ հարիւր գործարարներու մասին է, բայց մեր թիրախը եօթանասունին շուրջ կը դառնայ: Ըսեմ նաեւ, որ այս ֆորումին մասնակցութիւնը անվճար չէ, 700 եւրօ է, ինչ որ ետ կը պահէ բաւական մասնակիցներ, որոնք իմաստ չեն տեսներ այդ գումարը վճարելու եւ մասնակցելու։ Մինչդեռ շատ մը մարդիկ այլ ձեւով կը մօտենան, կը վճարեն ու կը մասնակցին։ Ու մենք կը գործակցինք այն մարդոց հետ, որոնք իմաստ կը տեսնեն եւ կը հաւատան այս գործին:
Մեր նպատակն է նաեւ հայութեամբ եւ Հայաստանով առայժմ չհետաքրքրուած մարդոց առիթ տալ: Մեր նպատակը միայն Հայաստանի շուրջ աշխատիլը չէ: Այո՛, մեր վերջնական նպատակը Հայաստանն է, բայց առանց աւելորդ կոչերու: Գործարարներուն հետ շատ խօսած ենք, բոլորը նկատած են, որ կոչեր կատարած են շատեր, բայց բոլոր այդ լոզունգները արձագանգ չեն գտած, որով Հայաստանի հետ միայն կոչերով հնարաւոր չէ գործարարութիւն ընել։ Գործարարի հետ պէտք է խօսիլ գործարարութեան լեզուով: Շահու, ռիսքերու գոյութեան-չգոյութեան, միջավայրի, ապա ներդրումները ձեռք ձգելու, յետադարձ կապ ունենալու հեռանկարը՝ այս բոլոր հարցեր են, որոնք կրնան խրախուսել ձեռներէցները՝ գալ Հայաստան կամ մասնակցիլ այս կամ այն ծրագրին: Ուրիշ հասկացողութիւն չունինք մենք, որովհետեւ միւս հասկացողութիւնները կը տանին մեզ ժամանակի կորուստի, կը տանին մեզ յուսախաբութիւններու եւ ապարդիւն աշխատանքի: Մենք պէտք է կարենանք ճիշդ ուղղորդել, որպէսզի ձեռներէցն ալ հասկնայ, թէ մենք հասկցած ենք իր ակնկալիքները, ու այդ ակնկալիքներուն հիման վրայ է, որ այդ միջավայրը կ՚ուզենք ստեղծել:
-Նման համախմբումներու փորձեր եղած են նախկինին եւս: Դուք բաւարար չէ՞ք գնահատեր նախկին փորձերը:
-Բազմաթիւ փորձեր եղած են, թէ՛ պետական, թէ՛ Հայաստան-Սփիւռք ձեւաչափով, թէ՛ Սփիւռքէն... Չեմ ուզեր գնահատել զանոնք՝ յաջո՞ղ են, թէ՞ ձախող:
Եթէ խօսքը դէպի Հայաստան գործարարութիւն ընելու մասին է, հայաստանեան տնտեսութիւնը թող ինք վկայէ, թէ որքա՛ն յաջող է: Երկրորդ, միջսփիւռքեան համագործակցութեան արդիւնքը կը տեսնենք՝ եթէ կան ցանցեր, այդ ցանցերը շատ համեստ են, նոյնիսկ փոքր են անոնք: Բայց կրնան նաեւ մեծ ըլլալ իրենց ալիքներով, իրենց մասնակիցներու յաջողութիւններով, պարզապէս չեն ներգրաւուած մեծ թիւով ձեռներէցներ աշխարհի մէջ եւ կարելի է ըսել, որ յաջողութիւնները այնքան ալ մեծ չեն եղած: Այսօր ունինք թէ՛ զբօսաշրջութեան, թէ՛ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մէջ նեդրումներու մեծ հնարաւորութիւն, եւ միաժամանակ՝ կարիք: Եթէ կան ամերիկեան կամ արտաքին որոշ ներդրումներ, անբաւարար են, որպէսզի կարողանան ազդել Հայաստանի տնտեսութեան վրայ:
Մեր համախմբումը հայ գործարարներու միջեւ համագործակցութեան եւ գործարարութեան ծրագիրներու ստեղծման համար է՝ ի շահ հայ գործարարութեան, կարեւոր չէ, թէ ո՞ւր է այդ մէկը: Եթէ Ղազախիստանի մէջ մէկը ունի փայլուն ծրագիր մը, կամ եթէ հայը կրնայ մտնել իրանեան կամ ափրիկեան շուկայ, գրաւել, իր տեղը ունենալ, յետոյ երրորդ հայը մտնէ Հայաստան եւ այսպէս ստեղծուի գործակցութեան ցանց մը...
Եթէ մէկը կեանքին ընթացքին Հայաստան չէ եկած, գործարարութեան համագործակցութիւններ չէ ունեցած հայերու հետ, ինչպէ՞ս կ՚ուզէք, որ այդ մարդը Հայաստանի մէջ ներդրում կատարէ: Նախ ինք պէտք է վստահութիւն շահի, պիտի տեսնէ Հայաստանի մէջ յաջողելու գրաւականը, պիտի տեսնէ հայերու հետ աշխատելու կարելի ներուժը եւ ոչ թէ առաջնորդուի իր լսածով, թէ՝ հայերու հետ կարելի չէ աշխատիլ:
Մեր հիմնական նպատակը ձեռներէցներու կարիքներուն պատասխան ու գոհացում տալն է: Եթէ դուք արտադրէք ակնոց, ժամացոյց կամ հագուստ, եթէ դուք կարիք ունիք բաշխողներու Լեհաստանի կամ Գերմանիոյ մէջ, ցանցի մէջ կրնայ իր կարիքներու գոհացումը գտնել։ Մենք գիտենք, թէ որքան բարդ է ձեռներէցի համար շուկայ գտնելը: Մենք մեր ստեղծած ցանցը կը գործածենք առաջին հերթին խորհրդատուութեան, կարծիքներու, հանդիպումները դիւրացնելու համար, թիրախային հանդիպումները արագ կերպով կազմակերպելու եւ վերջապէս ներդրումներ կատարելու եւ շուկաներ մտնելու համար: Ցանցերու ճամբով այդ ամէնը հնարաւոր է, իսկ մենք, ահաւասիկ կը ստեղծենք այդ ցանցերը, որոնք գոյութիւն չունէին հայկական առումով: Բայց ըսեմ, որ օտարներ ալ կրնար մասնակից դառնալ եւ օգտուիլ այդ ցանցէն:
-Ովքե՞ր աջակցած են Ձեզի, ստեղծելու համար նման ցանց մը:
-Կան գաղափարին հաւատացողներ, տակաւին այս գաղափարին չհամակրողներ չեմ տեսած: Կասկածողներ՝ թերեւս, բայց չհամակրող չէ եղած: Ես առանձին չեմ, մեր մէջ կան շատ արհեստավարժ, շատ փորձառու մարդիկ, որոնք խումբին անդամներն են, մեր ամէնօրեայ աշխատակիցներն են, եւ ըսեմ, որ ոչ միայն Փարիզի մէջ են անոնք, այլ՝ տարբեր երկիրներու մէջ:
Գրասենեակը կը գտնուի Փարիզի մէջ, ունինք երկու մնայուն աշխատող, մեկը պատասպանատու, մէկը՝ օգնական, եւ ունինք մեզի հետ առնուազն վեց մնայուն աշխատողներ, որոնք մասնագէտներ են եւ գործարարութեան ծրագիրներ քննարկողներ, վերլուծողներ: Ունինք, ըստ բնագաւառի խորհրդատուութիւն կատարող բարեկամներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մէկ բնագաւառի մասնագէտ է: Մէկը իրանեան շուկայի, մէկը ըսենք շինարակական շուկայի եւ այլն: Եւ ունինք Հայաստանի մէջ գործող փոքրիկ աշխատախումբ մը, որ տուեալներու շտեմարանի կառավարմամբ կը զբաղի: Մենք արդէն այս տարուան Յունուար ամիսէն ի վեր ցանկագրած ենք հազարաւոր գործարարներ ու խոշոր ու միջին չափի ընկերութիւններու ղեկավարներ՝ աշխարհով մէկ: Մենք այդ թիւը պիտի հասցնենք տասը հազարի, բայց այդ մէկը ժամանակի խնդիր է: Մենք կը փորձենք այսօրուան կապի միջոցներով հասանելի դառնալ բոլորին եւ փոխադարձ քննարկումներով իւրաքանչիւրի պահանջները նաեւ գիտնալ:
-Ամէն տարի՞ պիտի ըլլայ համաժողովը:
-Այո՛, ամէն տարի պիտի ըլլայ: Ծրագրած ենք յաջորդ ֆորումներէն մէկը շատ աւելի երկար ժամանակով եւ շատ աւելի իւրօրինակ տարբերակով կազմակերպել Երեւանի մէջ:
-Պոլիսէն կա՞ն հետաքրքրուողներ:
-Այո՛, կան հետաքրքրուողներ: Ոեւէ պոլսահայ կամ թրքաբնակ հայ գործարար կրնայ մասնակցիլ, միայն ուրախ կ՚ըլլանք, որ մասնակցին, որովհետեւ, բացի զգացական մեր յարաբերութիւններէն Պոլսոյ հետ, նաեւ կը հաւատանք, որ Պոլսոյ հայ գործարարները, թէ՛ ոսկերիչները, թէ՛ այլ ոլորտներու մէջ աշխատողները յաջող գործարարներ են, իրենց փորձը շատ հետաքրքրական է մեզի համար, եւ թերեւս իրենք ալ կարիքն ունին կապերու, ապրանքներու իրացման եւ այլն:
-Եթէ մէկը ուզէ մասնակցիլ, ի՞նչ պիտի ըլլայ առաջին քայլը:
-armenian-international-business-forum.com կայքէջին մէջ կարելի է արձանագրուիլ եւ ծանօթանալով պայմաններուն՝ մասնակից դառնալ: Կրկին շեշտեմ, որ այս ցանցը հայերու մէջ յարաբերութիւններու նոր որակ ստեղծելու, վստահութիւն ամրապնդելու քայլ մըն է, որ մեզ՝ բոլորս պիտի տանի դէպի Հայաստան, որ ամէն ինչի կեդրոնն է եւ ապագան: Առայժմ ամէն տեղ զօրաւոր ըլլանք հայերս, որմէ ետք արդէն կը դառնանք մեր վերջնական նպատակակէտին: Հասկնանք մեր հայկական ուժը, գործենք առանց զգացմունքներու՝ յանուն վաղուան Հայաստանի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ