ԿԻՒԼԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւլ նա­խըն­թաց օր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ տուաւ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ բնա­կա­նո­նաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, «Եւ­րա­սիա» հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած՝ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան բնա­կա­նո­նաց­ման նա­խագ­ծին ծի­րէն ներս ներ­կա­յիս կը պատ­րաստուի փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը։ «Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան. փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս գոր­ծը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) եւ Ե­րե­ւա­նէն «Վեր­սուս Սթիւ­տիօ»ին։ 1 Նո­յեմ­բեր 2010 թուա­կա­նի դրու­թեամբ պաշ­տօ­նա­պէս սկսած այս ծրագ­րին շրջագ­րով ներ­կա­յիս քա­ղա­քիս մէջ կը կազ­մա­կեր­պուին նկա­րա­հա­նում­ներ։ Այն խում­բը, որ կ՚ար­տադ­րէ այս վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը, կ՚ու­նե­նայ կա­րե­ւոր տե­սակ­ցու­թիւն­ներ։ Ցարդ հայ­կա­կան կող­մէն շարք մը հե­ղի­նա­կա­ւոր ու քա­ջա­տեղեակ գոր­ծիչ­նե­րու հետ կա­տա­րուած են տե­սակ­ցու­թիւն­ներ, իսկ ներ­կա­յիս նոյ­նը կը կա­տա­րուի Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած թուրք գոր­ծիչ­նե­րուն հետ։ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին ա­նու­նով այս ծրա­գի­րը կը հա­մա­կար­գէ յայտ­նի լու­սան­կա­րիչ Մե­սուտ Եա­շար Թու­ֆան, որ Իս­թան­պու­լի եւ Ան­գա­րա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած նկա­րա­հա­նում­նե­րուն ըն­թաց­քը կը վե­րահս­կէ։ Հար­ցազ­րոյց­նե­րուն ժա­մա­նակ խում­բին կը միա­նայ նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան։

Հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւլ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը ար­տադ­րող խում­բին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Թա­րա­պիոյ «Հու­պէր» ա­պա­րան­քին մէջ։ Այս առ­թիւ ան ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցեց խում­բին հետ եւ բաժ­նեց իր մօ­տե­ցում­նե­րը, խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Որ­պէս նա­խա­րար եւ որ­պէս նա­խա­գահ գոր­ծած տա­րի­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ դրա­կան ջան­քեր գոր­ծադ­րած Ապ­տուլ­լահ Կիւլ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը ար­տադ­րող խում­բին ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց նաեւ ան­ցեա­լի մէջ ու­նե­ցած կարգ մը ե­լոյթ­նե­րէն բա­ժին­ներ։

Բա­ցի Ապ­տուլ­լահ Կիւ­լէն, Թուր­քիոյ մէջ այս ժա­պա­ւէ­նին հա­մար ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րը կը բե­րեն դի­ւա­նա­գէտ­ներ, գոր­ծա­րար­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ զան­գուա­ծա­յին լրատուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այս հանգ­րուա­նին հա­մար ծրագ­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լէ վերջ, ժա­պա­ւէ­նի բե­մադ­րի­չը՝ Ա­րա Շի­րի­նեան եւ նկա­րա­հան Ռո­պէրթ Խա­րա­զեան հրա­ժեշտ պի­տի առ­նեն քա­ղա­քէս՝ վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար Ե­րե­ւան, ուր ար­տադ­րա­կան աշ­խա­տան­քը թա­փով պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ ա­մառ։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015