ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րէկ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին մեծ հան­դի­սու­թեամբ եւ մեծ շու­քով տօ­նեց ծի­սա­կան հինգ գլխա­ւոր տօ­նե­րուն կամ տա­ղա­ւար­նե­րուն եր­րոր­դը՝ այ­սինքն Այ­լա­կեր­պու­թեան, Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան կամ Վար­դա­վա­ռի տօ­նը:

Այս­պէս, Վար­դա­վա­ռի տօ­նին նուի­րուած բազ­մա­թիւ մի­ջո­ցա­ռում­ներ կազ­մա­կեր­պուած են Ե­րե­ւա­նի բո­լոր վար­չա­կան շրջան­նե­րուն մէջ։

«Ե­րե­ւա­նեան ա­մառ 2016» ե­ռամ­սեայ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ծրագ­րին մէջ նե­րա­ռուած ազ­գա­յին սի­րուած տօ­նե­րէն Վար­դա­վա­ռի հա­մա­քա­ղա­քա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ վաղ ա­ռա­ւօ­տեան սկսած են «Սա­նի­թեք» ըն­կե­րու­թեան տօ­նա­կան զար­դա­րուած ջրցան ինք­նա­շարժ­նե­րու շքեր­թով:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, ինք­նա­շարժ­նե­րու շա­րա­սիւ­նը լուա­ցած եւ մաք­րած է Ե­րե­ւա­նի շարք մը կեդ­րո­նա­կան փո­ղոց­ներն ու Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կի տա­րած­քը։ Ի դէպ, ամ­բողջ օ­րուան ըն­թաց­քին «Սա­նի­թեք»ի ջրցան ինք­նա­շարժ­նե­րը շրջած են նաեւ վար­չա­կան շրջան­նե­րու բա­կե­րուն, փո­ղոց­նե­րուն մէջ՝ անհ­րա­ժեշտ ծա­ւա­լի ջուր ա­պա­հո­վե­լով Վար­դա­վա­ռի ջրա­խա­ղե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն։

Վար­դա­վա­ռի տօ­նին նուի­րուած հա­մա­քա­ղա­քա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսած են վաղ ա­ռա­ւօ­տեան։

Ջրցան ինք­նա­շարժ­նե­րու տօ­նա­կան շքեր­թէն եւ փո­ղոց­ներն ու հրա­պա­րակ­նե­րը լուա­լէ յե­տոյ Ե­րե­ւա­նի բո­լոր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տա­կից­նե­րը, միա­նա­լով Վար-­դա­վա­ռի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն, ի­րենց ինք­նա­տիպ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած են տօ­նին՝ տար­բեր վար­չա­կան շրջան­նե­րու մէջ լուա­լով ու մաք­րե­լով շարք մը յու­շար­ձան­ներ:

Բաց աս­տի, Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Նա­ւա­սարդ Արք. Կճո­յա­նի օրհ­նու­թեամբ թե­մի ե­րի­տա­սար­դաց միու­թիւն­նե­րը «Վե­րա­կանգ­նենք մեր ազ­գա­յին տօ­նե­րը» խո­րագ­րի ներ­քոյ կազ­մա­կեր­պած են Վար­դա­վա­ռի տօ­նախմ­բու­թիւն, ո­րուն մաս­նակ­ցած են «Ոս­տան», «Վարք հա­յոց», «Տաւ­րոս» ազ­գագ­րա­կան եր­գի-պա­րի խում­բե­րը:

Մաս­նա­կից­նե­րը ազ­գա­յին երգ ու պա­րով, տօ­նա­կան մեծ թա­փօ­րով Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թեմի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Սար­գիս ե­կե­ղե­ցիէն քայ­լած են դէ­պի Ման­կա­կան զբօ­սայ­գի: Թա­փօ­րը ա­ռաջ­նոր­դած է թե­մի ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյց­նե­րու հա­մա­կար­գող Տ. Պետ­րոս Ա. Քհնյ. Մա­լեան: Տօ­նախմ­բու­թեան միա­ցած են նաեւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի Մշա­կոյ­թի վար­չու­թեան պետ Ռու­բէն Յով­հան­նի­սեան, վար­չա­կան շրջան­նե­րու եր­գի-պա­րի խում­բե­րը, բազ­մա­թիւ ե­րե­ւան­ցի­ներ ու զբօ­սաշրջիկ­ներ: Մաս­նա­կից­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւած են ա­ւա­նակն ու ա­նոր բազ­մած «տա­տի­կը»։­

Իսկ այ­գիին մէջ տօ­նը վերջ գտած է ազ­գա­յին երգ ու պա­րով: Ներ­կա­յա­ցուած են տօ­նի ժո­ղովր­դա­կան սո­վո­րոյթ­նե­րը. կրա­կի մէջ խնձոր խո­րո­ված են եւ բա­ժա­նած ներ­կա­նե­րուն, ցո­րե­նի հաս­կե­րէն խաչ­բուռ պատ­րաս­տած են, բե­մադ­րած են խնդու­մի եւ պուռ­մա­տի­կի­նի ծի­սա­կան դրուագ­նե­րը: Բե­մա­կա­նա­ցուած է Նոյ նա­հա­պե­տի ու ա­նոր ըն­տա­նի­քի իջ­նե­լը Մա­սի­սէն: Մի­ջո­ցա­ռու­մը ա­ւար­տած է ջրա­խա­ղով եւ ա­ղաւ­նի­ներ եր­կինք ար­ձա­կե­լով:

Տ. Նա­ւա­սարդ Արք. Կճո­յեա­նի օրհ­նու­թեամբ եւ ա­ջակ­ցու­թեամբ թե­մի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ա­մէն տա­րի նոր շունչ կը հա­ղոր­դեն ազ­գա­յին տօ­նե­րուն՝ ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն հա­ղոր­դե­լով ա­նոնց: Սուրբ Ծնուն­դի, Բա­րե­կեն­դա­նի, Մի­ջին­քի, Ս. Յա­րու­թեան, Համ­բարձ­ման տօ­նե­րու շար­քին Վար­դա­վա­ռը ար­դէն երկ­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով իր ու­րոյն տե­ղը գրա­ւած է։

Միւս կող­մէ, Գառ­նիի եւ Գե­ղար­դի մէջ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­կումբ­նե­րու դաշ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ար­դէն եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Վար­դա­վա­ռին նուի­րուած մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը: Այս տա­րի եւս փա­ռա­տօ­նը ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ: Փա­ռա­տօ­նը շատ հա­րուստ էր կրօ­նա­կան, ժո­ղովրդա­կան, մշա­կույ­թա­յին եւ ժա­ման­ցա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով, ո­րոնց ներ­կայ ե­ղան թէ՛ Հա­յաս­տա­նէն եւ թէ՛ ար­տա­սահ­մա­նէն մաս­նա­կից­ներ։

Փա­ռա­տօ­նի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը վաղ ա­ռա­ւօ­տեան կա­տա­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի Կո­տայ­քի մար­զի փոխ-մարզ­պետ Կա­րէն Մար­գա­րեան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­կումբ­նե­րու դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ Ա­տոմ Մխի­թա­րեան: Փա­ռա­տօ­նի բաց­ման ներ­կա­յա­ցուած էին Վար­դա­վա­ռին նուի­րուած տա­ղա­ւար­ներ: Իւ­րա­քան­չիւր տա­ղա­ւար կը ներ­կա­յաց­նէր Վար­դա­վա­ռի տօ­նի տարր մը: Տա­ղա­ւար­նե­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր մար­զեր կը ներ­կա­յաց­նէին Վար­դա­վառ տօ­նի ի­րենց բնո­րոշ ա­ւան­դոյթ­նե­րը, ու­տեստ­նե­րը, ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րը: Մար­զե­րէն ե­կած մշա­կու­թա­յին հա­մոյթ­նե­րը, պա­րա­յին խում­բե­րը ի­րենց ե­լոյթ­նե­րով տօ­նա­կան մթնո­լորտ հա­ղոր­դե­ցին:

Քա­նի որ Վար­դա­վա­ռը կը հա­մա­րուի թէ՛ հե­թա­նո­սա­կան եւ թէ՛ քրիս­տո­նէա­կան տօն, զու­գա­հեռ մի­ջո­ցա­ռում­ներ ըն­թա­ցան նաեւ Գե­ղար­դի վան­քին մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ Տի­րոջ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան նուի­րուած Ս. Պա­տա­րագ, ո­րուն յա­ջոր­դեց մա­տա­ղի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Ա­պա զայն բա­ժա­նուե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դին: Պահ­պա­նե­լով տօ­նի ազ­գա­յին շունչն ու ո­գին՝ վան­քի բա­կին մէջ «Վան», «Ա­կունք» ազ­գագ­րա­կան եր­գի-պա­րի հա­մոյթ­նե­րու եւ «Վա­հագն» տհո­լա­հար­նե­րու ան­սամպ­լի մաս­նակ­ցու­թեամբ հնչեց ազ­գա­յին երգ-ե­րաժշ­տու­թիւն: Իսկ մի­ջո­ցառ­ման մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց հեր­թին միաս­նա­կան շուրջ­պար բռնե­ցին: Ներ­կա­նե­րուն բա­ժա­նուե­ցան խորհր­դան­շա­կան վար­դի փուն­ջեր:

Մի­ջո­ցա­ռու­մը իր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ Գառ­նիի տա­ճա­րի տա­րած­քէն ներս, ուր բա­ցուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 125 մեթր­նոց ե­ռա­գոյն դրօ­շը, որ փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց գլխա­վե­րե­ւին պա­հած պտը­տե­ցան տա­ճա­րին շուր­ջը: Այ­նու­հե­տեւ «Վան», «Ա­կունք», «Վե­րա­դարձ» եւ «Մա­սունք» ազ­գագ­րա­կան եր­գի-պա­րի հա­մոյթ­նե­րու դե­րա­սան­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ ցու­ցադ­րուե­ցաւ ի­րենց բե­մա­կա­նա­ցու­ցած ծի­սա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ո­րու նպա­տակն էր պատ­մել՝ Վար­դա­վա­ռի ա­ւան­դա­կան պատ­մու­թիւ­նը: Ներ­կա­յա­ցուե­ցան Վար­դա­վա­ռի տօ­նի հայ ժո­ղովր­դա­կան մի քա­նի դրուագ­ներ: Ծի­սա­կա­տա­րու­թեան ա­ւար­տէն յե­տոյ ներ­կա­յա­ցուե­ցան Վար­դա­վա­ռի տօ­նին նուի­րուած՝ ազ­գա­յին պա­րեր եւ շուրջ­պար: Այ­նու­հետև ներ­կա­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւե­ցին ազ­գա­յին ա­ւան­դա­կան խա­ղե­րը, ո­րոնց ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րը: Շա­տե­րու հա­մար ազ­գա­յին խա­ղե­րը բա­ցա­յայ­տում­ներ ե­ղան:

Փա­ռա­տօ­նի ամ­բողջ ըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րը պահ­պա­նե­ցին ա­ւան­դա­կան այն միտ­քը, որ Վար­դա­վա­ռի տօ­նին վար­դա­ջու­րով ցօ­ղուե­լը յա­ջո­ղու­թիւն կը բե­րէ եւ մէկզ­մէ­կու վրայ ջուր ցօ­ղուե­լով օ­ծե­ցին զի­րա­ր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016