ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ Է 1625 ԹՈՒԱԿԻՐ ՏՕՆԱՑՈՅՑ ՄԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին փոխանցուած է 1625 թուականի ձեռագիր Տօնացոյց մը: Այս մասին կը տեցեկացնէ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը:
Արծաթեայ կրկնակազմով մատեանը հայ արծաթագործութեան լաւագոյն նմոյշներէն է եւ կը ներկայացնէ Կեսարիոյ դպրոցը:
«Մենք ուրախ ենք, որ բարեպաշտ հաւատացեալները կը հասկանան, որ իրենց ընտանեկան սրբութիւնները՝ ժառանգաբար փոխանցուած, պէտք է փոխանցեն բուն օրրանին, եկեղեցիին, ուր անոնք բաց կ՚ըլլան հանրութեան համար», ըսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան:
Ձեռագիրը ընդօրինակած է Յովհաննէս Քահանան 1625 թուականին, կազմը պատրաստած է արծաթագործ Շահմիր Կարապետ 1656 թուականին:
Առաջին էջին վրայ պատկերուած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ արքայական ընտանիքը մկրտելու ընթացքին, Սուրբ Էջմիածին Մայր Տաճարը, Արարատը եւ Նոյեան տապանը: Երկրորդ եջին՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւը եւ Ներսէս Շնորհալին:
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024