ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Հայ գրա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին գրա­գի­տու­հին ու կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան Սրբու­հի Տիւ­սաբ (1841-1901) ո­գե­կո­չուե­ցաւ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ։ Այս առ­թիւ Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէ­քիեան հո­գե­հանգս­տեան Ս․ Պա­տա­րագ մա­տոյց Բան­կալ­թըի Լա­տին կա­թո­ղի­կէ գե­րեզ­մա­նա­տան մատ­րան մէջ։ Ս․ Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Տ․ Յա­կոբ Սար­կա­ւագ Մի­նասեան եւ դպիր­ներ։ Ի ժամ Ս․ Պա­տա­րա­գի քա­րո­զեց Գե­րա­պայ­ծառ Տէ­րը։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ Մար­տի 8-ի խոր­հուր­դին՝ ընդգ­ծե­լով կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու, ա­նոնց հա­սա­րա­կու­թեան հա­ւա­սար մէկ ան­դա­մը ըլ­լալն ու ա­ւե­լի մեծ դե­րեր ստանձ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Յա­ւարտ Ս․ Պա­տա­րա­գի, Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէ­քիեան ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու թա­փօ­րով ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Սրբու­հի Տիւ­սա­բի շիր­մին մօտ։ Այս­տեղ նախ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Նա­րօտ Թո­մա­քեան ըն­թեր­ցեց Սրբու­հի Տիւ­սա­բի կեն­սագ­րա­կա­նը, ա­պա ար­տա­յայ­տուե­ցան Սե­ւան Տէ­յիր­մէն­ճեան եւ Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուս­լու, ո­րու հա­յե­րէ­նով ու­նե­ցած ե­լոյ­թը ար­ժա­նա­ցաւ գնա­հա­տան­քի։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէքիեան, որ ը­սաւ, թէ յան­ձինս Տիւ­սա­բի կ՚ո­գե­կո­չեն կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու հա­մար պայ­քար մղած, աշ­խա­տած, մա­քա­ռած բո­լոր կի­նե­րը՝ մտա­ւո­րա­կան թէ հա­սա­րակ քա­ղա­քա­ցի։ Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով վերջ գտաւ ձեռ­նար­կը։

Հարկ է նշել, թէ եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ Տիւ­սա­բի շի­րի­մը մատ­նուած էր ա­նու­շադ­րու­թեան, սա­կայն «Հայ կին» հար­թա­կի, ինչ­պէս նաեւ Տքթ․ Իգ­նա Սա­րըաս­լա­նի եւ Շիշ­լիի փոք-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րը­նի ջան­քե­րով շի­րի­մը այժմ ստա­ցած է ներ­կա­յա­նա­լի ու խնա­մեալ տեսք մը եւ կը սպա­սէ իր այ­ցե­լու­նե­րու­ն։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015