Բնազդային ու կենսական…
Երէկ գիշերուան իրադարձութիւնները բազմաթիւ երեսակներով պիտի արձանագրուին Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ յեղաշրջումներու թոհուբոհով ապրած երկիր մը՝ գիշերուան մը մէջ, շատ ալ հասուն ձեւով թօթափեց այդ հոգեվիճակը։ Երկիրը մեծ քննութենէ մը անցաւ ու կարելի է ըսել՝ որ պատուով դուրս եկած է այդ փորձութենէն։
Այս ամբողջին մէջ պէտք է առանձին բաժին մը վերապահել Թուրքիոյ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։ Երէկուան դէպքերը պատահեցան այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ Թուրքիոյ օրակարգէն չի պակսիր մամլոյ ազատութեան խնդիրը։ Երէկ գիշերուան ողջ տեւողութեան երկրի հիմնական հեռուստակայանները իրենց սփռումներով ու դրսեւորած բարձր արհեստավարժութեամբ անփոխարինելի նպաստ մը բերին ստեղծուած դիմադրութեան մթնոլորտին։ Մամլոյ սպասաւորները յաճախ աշխատեցան լուրջ վտանգի պայմաններուն ներքեւ, սակայն ի գին ամէն բանի ապահովեցին հասարակութեան կանոնաւոր եւ արհեստավարժ մակարդակով իրազեկումը։
Սա լրագրողի բնազդային վարուելակերպն էր, որու արդիւնքը եղաւ կենսական։ Սա վիթխարի ձեռքբերում մըն է համայն Թուրքիոյ համար՝ այս առաւօտեան դրութեամբ։