ՆԻՍԻ ԴԷՊՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ
Նիսի մէջ Յուլիսի 14-ին պատահած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Ֆրանսայի դատական մարմինները պատրաստեցին իրենց մեղադրականը։ Փարիզի դատախազութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան ահաբեկչութեան յատկանիշներով ամբաստանագրեր հասցէագրեց հինգ անձերու համար։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնց պարագային կասկածներ կան Նիսի ահաբեկչական գործողութեան աջակցելու շուրջ։ Դատախազութեան տուեալներով՝ ահաբեկիչ վարորդն ու իր աջակիցները քանի մը ամիսէ ի վեր կը ծրագրէին Յուլիսի 14-ի ահաբեկչութիւնը, որուն զոհ գնաց 84 հոգի։ Ծանօթ է, որ յարձակումը ապրուած էր Ֆրանսայի Ազգային տօնի օրուան հրավառութիւններուն ընթացքին։
Ձերբակալեալները թունուզցի եւ ալպանացիներ են, անոնցմէ մին կին է։