«ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ». «ՆՈՒԻՐՈՒՄ»ԷՆ ՄԻՆՉԵՒ … ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ
Անսպասելի չէր Վարուժան Աւետիսեանի Կիրակի երեկոյեան ըրած յայտարարութիւնը: Ան կը յայտնէր, որ իրենք միաձայնաբար որոշած են վար դնել իրենց զէնքերը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն: Րոպէներ անց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնեը (ԱԱԾ) կը հաղորդէր, որ ՊՊԾ գունդին մէջ եղող քսան զինեալները (ի դէպ ԱԱԾ-ն անոնց համար ահաբեկիչ բառը կը գործածէր) յանձնած են իրենց զէնքերը եւ ձերբակալուած:
Մինչեւ իրենց յանձնուիլը «Սասնայ ծռեր» խմբակի զինեալները անցնող տասնհինգ օրերուն մնացին բովանդակ հայութիւնը յուզող հիմնական օրակարգի գլխաւոր թեման: Ու վերիվայրումներով լեցուն այդ օրերուն ընթացքին ամենէն մտահոգիչ պատկերը կը ձեւաւորուէր 29 Յուլիսի գիշերը, երբ «Սասնայ ծռեր» խմբակին նեցուկ կանգնելու նպատակով փողոց իջած հարիւրաւոր ցուցարարներ Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաք ընելէ ետք երթ մը կատարելով՝ կը հասնէին Խորենացի փողոց ու զիրենք առաջնորդելու կոչուած պատասխանատուներ կը յայտարարէին, որ ինչ որ ալ պատահի, վճռած են այդտեղ մնալ առ ի զօրակցութիւն՝ ՊՊԾ գունդի մէջ արդէն տասնհինգ օրէ ի վեր դիրքաւորուած զինեալ տղոց:
Ոստիկանութեան կողմէ ընդդիմադիր առաջնորդներուն հետ բանակցողի դեր ստանձնած Հայաստանի փոխ-ոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեան սկիզբը կանխազգուշացնելով ու ապա բռնի ուժի դիմելու մասին յարումներ կատարելով բողոքարարներու առաջնորդներէն պահանջեց լքել տարածքը:
Իրավիճակը աւելի կը թէժանար, երբ Ազգային Ժողովէն ներս «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան նախագահ Զարուհի Պոստանճեան լեզուակռիւի մէջ կը մտնէր ոստիկաններուն հետ եւ քաղաքական գործիչի անյարիր բառապաշարով կը կոպտէր իր դիմաց կանգնողները: Ոստիկանները կը հակադարձէին ու տեղի ունեցած լեզուակռիւը կը վերածուէր բախումներու:
Հիմա երբ դէպքերը հասան իրենց լրումին, կարեւոր ալ չէ, թէ ո՞վ է այս իրադրութեան ստեղծման նպաստող գլխաւոր կողմը:
Գետնի վրայ կայ ամբողջ եղածին ահաւորութիւնը: Վեց տասնեակ վիրաւորներ, 150-ի չափ բերման ենթարկուածներ, մէկ վիրաւոր ոստիկան, երկու վիրաւորներ, որոնց վիճակը մինչեւ Շաբաթ կէսօր կը մնար ծանր ու Սայաթ Յարութիւնեան անունով 17-ամեայ երիտասարդ մը, որ իր աչքը կորսնցնելով կը դառնար միականի:
Այս բոլորէն բացի կան նաեւ «Սասնայ ծռեր» խումբի քսան ձերբակալեալ զինեալներ ու կայ անշուշտ «Հիմնարար խորհրդարան»ի երկու գլխաւոր բանտարկեալ պատասխանատուներ՝ Ժիրայր Սէֆիլեանն ու Ալեք Ենիգոմշեանը:
Դէպքերուն հետեւող մէկէ աւելի վերլուծաբաններ բացի եղածը ահաւոր համարելէ, Երեւանի իրավիճակը նմանցուցած են 2008 թուականի 1 Մարտի իրադրութեան: Միակ տարբերութեամբ, որ լարուած իրադրութեան, բախումներու, պայթուցիկ նիւթերու օգտագործումէն ետք Երեւանի մէջ զոհեր չկան:
Մինչ զինեալներու յանձնուելու լուրը կը տարածուէր Երեւանի մէջ, հարիւրաւոր մարդիկ երթի մասնկացելով կը շարունակէին վանկարկել անցնող օրերուն իրենց հնչեցուցած կոչերը, մէկ տարբերութեամբ, որ ցուցարարները իրենց երթը կը կատարէին առանց առաջնորդի, հետեւաբար՝ անգլուխ:
ՊՊԾ-ի դէպքերուն առաջին օրէն քաղաքական տարբեր ուժեր փութացին «Սասնայ ծռեր» տղոց արարքը օգտագործել եւ ստեղծել հարթակ, իրենց հին ու նոր պահանջները ներկայացնելու համար:
Անկախ անկէ, որ անոնք կը յայտարարէին, թէ իրենց արարքներով կը միտին նախ եւ առաջ «Լեկիտիմացնել» (օրինականացնել) այդ զինեալներուն անհեռանկար արարքը, որոշիչ էր նաեւ, որ գետնի վրայ քաղաքական ներուժ ունենալու իրենց բոլոր կարելիութիւնները սպառած այդ ուժերը կը փորձէին զինեալներու արարքներով թեւ առնել եւ ՊՊԾ-ի գունդին մէջ եղած իրադրութիւնը շահագործել, յառաջ քշելով ամբոխ մը կառավարելու հին-նոր երազը:
Առաջին օրերու խմորումներէն ետք խաղէն իր կամօք դուրս կու գար «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան, որ օրեր առաջ նոյնպէս յայտնած էր, թէ ինք պատրաստ է ամէն գնով հանրութիւնը առաջնորդել ու լսել այդ հանրութեան «թելադրանքներ»ը:
Փաշինեանի արարքը կը դառնար երկրորդական, բայց նաեւ յստակօրէն կ՚ուրուագծուէր, թէ «Սասնայ ծռեր» խումբին համար տանելի չէր, որ այլ ուժեր Խորենացիի հարթակը օգտագործեն եւ իրենց կուսակցութեան գովազդը կատարեն:
Հիմա, երբ խնդիրը գտաւ խաղաղ հանգուցալուծում, ամենէն հիմնական հարցումը, որ կ՚ուղղուի հետեւեալն է՝ ո՞վ էր իրական պատանդը այս իրավիճակին մէջ: Տակաւին ո՞վ էր, որ տուժեց այս բոլորէն: Եւ ո՞ր կողմն էր, որ դրական միաւորներ կուտակեց ստեղծուած այս ծանր իրավիճակի աւարտին:
Խորքին մէջ, ոչ ոք: Ու ամենակարեւորը տուժողը Հայաստանն էր:
Տուժողը Հայաստանի պետականութեան պատկերն էր:
Տուժողը Հայաստանի հանրապետութիւնն էր, որ յառաջիկայ 21 Սեպտեմբերին կը պատրաստուի նշել իր ծննդեան 25-րդ տարեդարձը:
Ստեղծուած բարդ իրադրութեան առջեւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը դիմէր ծայրայեղ եւ ամէն պարագայի անընդունելի արարքներու: Ծեծի կ՚ենթարկուէին տասնեակ լրագրողներ եւ կը ստեղծուէր խուճապային իրավիճակ մը, ուր շատ մը պարագաներու ցոյցերուն ներկայ եղող եւ կողմ չեղող քաղաքացիներ եւս ոստիկանական բաժին կը տարուէին:
Այս բոլորը սպասելի էին, որովհետեւ իշխանութեան համար անկառավարելի դարձած ամբոխը զսպելու եւ կարգի հրաւիրելու խնդիր կար: Ոստիկանութիւնը կը կատարէր իշխանութեան հրամանները: Կարեւոր հարցում մը կը ծագի մեր մտքերուն, որ արդեօք իշխանութիւնները պատրա՞ստ են այս եղածներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրելու:
Իշխանութիւնները կ՚օգտուէին նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի Հայաստանի ներկայացուցչութեան «կակուղ» կեցուածքներէն եւ «Սասնայ ծռեր» տղոց արարքը դատապարտող կոչերէն:
Յատկապէս ամերիկեան դեսպանատան կողմէ Ուրբաթ գիշեր հրապարակուած յայտարարութիւնը ցոյց կու տար, որ Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորը ՊՊԾ-ի կեդրոնին մէջ եղող բժիշկներուն ազատ արձակումն էր, եւ ոչ թէ Հայաստանի այն հատուածն ու անոնց պահանջները, որոնք հանդէս կու գային ընդդիմադիր դիրքերէ:
Այլ խօսքով՝ ԱՄՆ-ի համար իր արբանեակէն դուրս լողացող որեւէ երկրի մէջ «սիրելի եւ գովելի» համարուած որեւէ ընդդիմութիւն այս պարագային նոյն ուշադրութեան չէր արժանանար:
Ուրեմն Միացեալ Նահանգներ նաեւ գիտէր, որ ընդդիմութեան անունով հանդէս եկողները «գործ յաջողցնող» ընդդիմադիր ուժեր չեն, չըսելու համար, որ անոնք վաղուց սպառած են:
Այսքանը արտաքին ճակատին համար:
Վերադառնալով քաղաքական կենսադաշտ՝ պէտք է անպայման շեշտադրել, որ «Հիմնադիր խորհրդարան» անունով հանդէս եկող խմբակը, որուն առաջնորդը՝ Ժիրայր Սէֆիլեան կը շարունակէ մնալ բանտի ճաղերու ետին, չունէր յստակ ծրագիրներ:
Իր հիմնադրման, անուանափոխումներու ողջ ընթացքին, իր առաջնորդներու բանտարկութեան եւ համախոհներու հանդէպ եղած բռնադատումներէն ետք ալ այդ ուժը չկրցաւ լուրջ, իմաստալից, շինիչ ընդդիմութեան մը իրական տեսակը դառնալ:
Այդ խմբակին մէջ գործող ներկայացուցիչները հաւատացին ծայրայեղական քայլերու, առանց հարց տալու, որ իրենց քայլերը ի՛նչ օգուտ կրնան բերել Հայաստանին:
Աւելին ալ կայ, անոնք իրենց գլխաւոր առաջնորդը բանտէն ազատելու համար դիմեցին աննախադէպ զինեալ գրոհի մը, որ խառնեց բոլոր խաղաքարտերը եւ ամենակարեւորը՝ երկփեղումի տարաւ Հայաստանի ողջ հասարակութիւնը:
Երկփեղկումի տարաւ, որովհետեւ Հայաստանի հանրութեան համար ընդունելի չէ արեան հեղումը, ինչ խօսք, երբ խնդիրը կը վերաբերէր արցախեան ճակատներէն անցած եւ նուիրումի մեծ ճանապարհ դարձած նուիրեալներու:
Այս խմբակը այսօր յայտնուած է Հայաստանը քաղաքական պատանդի վերածելու մերժելի որոգայթի մը մէջ: Նման պարագաներու իշխանութիւնները ո՛ր քայլին ալ դիմեն, պիտի շարունակեն դառնալ հանրութեան պախարակումի եւ մեղադրումի գլխաւոր թիրախ:
Չենք ըսեր, որ իշխանութիւնները սուրբ են: Անոնք եւս ունին մեծ բացթողումներ, բայց եւ այնպէս ընդդիմադիր անունով հանդէս եկող որեւէ նման արարք, իշխանութիւնները պիտի դարձնէ աւելի կարծր եւ կտրուկ քայլերու գացող մարմին մը:
Այս բոլորին դիմաց, զիջումներու, բանակցութեանց, խօսակցութեան բոլոր միջոցներու սպառումէն ետք, Հայաստան այս ամէն ինչէն դուրս եկաւ վիրաւոր դէմքով մը:
Պարզ ալ չէ, որ ո՛վ պիտի յաջողի այդ դէմքին վրայէն մաքրել բռնութեան եւ արեան հետքերը, (չմոռնանք ոստիկանութեան երկու զոհերը) յստակ ու բացորոշ է սակայն, որ նման վտանգաւոր քայլ մը առած (շատերու համար նուիրական) «Սասնայ ծռեր» տղոց խումբին արարքը բացի երկրին վրայ լուրջ բեռ դառնալէ, դարձաւ շեշտակիօրէն հեռանկար ու ծրագիր չունեցող խումբ մը՝ զինեալներու արկածախնդրական քայլ:
Հակառակ անոր, որ հանրութեան մէկ շերտը, որ առանց տրամաբանելու փողոց վազեց, մոռցաւ, թէ առանց քաղաքական ծրագրի եւ առանց շինիչ առաջարկներ ունենալու, որեւէ խումբ կրնայ ամբոխի վերածուիլ ու աղէտ դառնալ ոչ միայն պահանջներ ունեցող կողմին, այլ ամբողջ Հայաստանին ու հայութեան համար:
31 Յուլիսի երեկոյեան Վարուժան Աւետիսեան յայտարարեց «Սասնայ ծռեր» խումբի զինաթափման մասին: Ան կարողացաւ ուժանակի պատրոյգը վնասազերծել եւ վերջ տալ ճանապարհ չունեցող արկածախնդրութեան մը:
Ինչ որ ալ ըլլան յառաջիկայի գործընթացները, յստակ է մէկ բան, թէ Հայաստանին խնայուեցաւ արիւնահեղութեան սուղ գինը վճարելու փորձութիւնը: Փորձութիւն մը, որ կրնար շատ թանկ արժել մեզ՝ բոլորիս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024