ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐ ՈՒ ԵՐԹԵՐ
«Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբին կողմէ Երեւանի մերձակայքին բռնագրաւուած ոստիկանական կեդրոնի ազատուելուն զուգահեռ Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ գործողութիւններու։ Կը հաղորդուի, որ զինեալներու խումբի անդամներուն համար կ՚առաջադրուին մեղադրանքներ։ Բաց աստի, ոստիկանական կեդրոնի բռնագրաւման օրերուն տեղի ունեցած հանհարաւաքներուն եւ երթերուն ժամանակ դէպքեր հրահրած շարք մը անուններ ալ կալանաւորուեցան երկու ամիսով։ Անոնք են՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխ-նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան, բանբեր Դաւիթ Սանասարեան, նախկին բանբեր Յովսէփ Խուրշուտեան, ինչպէս նաեւ նախագահի նախկին թեկնածու Անտրիաս Ղուկասեան։
Մինչ այդ, շաբաթավերջին բողոքի ցոյցերուն ժամանակ ինքնահրկիզման փորձ կատարած 58-ամեայ Քաջիկ Գրիգորեան երէկ մահացաւ իր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ։
Միւս կողմէ, Երեւանի կեդրոնին մէջ ընդդիմութեան ցոյցերն ու երթերը կը շարունակուին՝ արդէն իշխանութիւններուն յանձնուած «Սասնայ ծռեր»ուն ի պաշտպանութիւն։