«ԿԵԱՆՔԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ». ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Հալէպահայ գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ, 120 գիրքերու հեղինակ, բժիշկ Թորոս Թորանեան, սուրիական պատերազմի պատճառով հեռանալով իր ծննդավայրէն, հաստատուած է Հայրենիքի մէջ, կը շարունակէ նոյն եռանդով ու ջանասիրութեամբ, նուիրումով ստեղծագործել, մասնակից ըլլալ Հայաստանի մշակութային կեանքի անցուդարձերուն: Վերջերս Թորոս Թորանեան Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան գրադարանը հարստացուց իր նոր՝ 2016-ին լոյս ընծայած գիրքերով: Թորոս Թորանեանի «Ակնարկներ Տքթ. Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի աշխատութիւններուն շուրջ», «Հարցազրոյցներ՝ Սուրիոյ մէջ դուրսէն պարտադրուած պատերազմին հետեւանքով Հայաստանի կողմէ սիրով ընդունուած հայերու հետ», «Անահիտ Թօփչեան. վիպագիր, արձակագիր» գիրքերը քանի մը ամիս է, որ մեր գրասեղաններու վրայ են:
Մշակոյթի անխոնջ մշակին հետ ծաւալած «Հայերն այսօր»ի համար պատրաստուող զրոյցի ընթացքին, վաստակաշատ մտաւորականը պատմեց իր հետաքրքրական ու յուզիչ կեանքի պատմութիւնը, զրուցեց իր անցած ստեղծագործական հարուստ ու տպաւորիչ, բազմաբովանդակ գործունէութեան մասին:
*
«Ծնած ու մեծցած եմ Հալէպի մէջ, արմատներս Կիլիկիայէն են: Հայրս չեմ յիշեր, որովհետեւ երկու տարեկան եղած եմ, երբ ան մահացած է: Մեծմայրս եղեռնի ժամանակ վտարած են գիւղէն. մեր գիւղը Ներսէս Շնորհալիի գիւղին՝ Հռոմկլային շատ մօտ գտնուած է, Ճիպին կոչուած է, որ անուանափոխուած է՝ Սայլակ քայայի: Մայրս կը պատմէ, որ երախաներով փողոց դուրս կ՚ելլէին, կը քալէին. ծնողները կը փնտռէին ու չէին գտներ իրենց երախաները, յետոյ կը գտնէին Հռոմկլայի մէջ: Այդ ժամանակ մայրս 5-6 տարեկան եղած է. մեծմայրս քեռիս գրկած, քալելով հասած է մինչեւ Եգիպտոս, մինչեւ Սուէզի ջրանցք. իսկ մայրս յանձնած է քիւրտ ընտանիքի մը՝ ըսելով, որ ճանապարհին մեռնելու փոխարէն՝ աւելի լաւ է մնայ ձեր մօտ: Մեծհայրս օսմանեան բանակի զինուոր եղած է, լքած է բանակը, փախած եւ գիւղ գացած: Ըսած են, որ աղջիկը կ՚ապրի քիւրտ ընտանիքի հետ, գացած է, որ աղջիկը ետ վերցնէ, քիւրտ ընտանիքը դէմ չէ եղած. երախային ըսած են, որ հայրը եկած է, արդէն քրդախօս դարձած երախան ըսած է, որ աչքերը իր հօրը աչքերն են, բայց մօրուքը շփոթմունք յառաջացուցած է. կը համոզեն, որ իր հայրն է: Մեծհայրս երախան գրկած, դժուարութեամբ հասած է Հալէպ: Մինչ այդ զինադադար կնքուած է 1918-ին, անգլիացիներն ու ֆրանսացիները ըսած են, որ հայերը կրնան վերադառնալ իրենց բնակավայրերը: Ժողովուրդը նաւով, յետոյ՝ հանրակառքերով կը հասցնեն Հալէպ, եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպին իրարու եւ ընտանիքը կ՚ամբողջանայ՝ մեծհայրս, մեծմայրս, քեռիս ու մայրս: Կը վերադառնան գիւղ՝ Ճիպին, այդ գիւղը ունէր իր եկեղեցին ու դպրոցը՝ Կիլիկեան 6-ամեայ վարժարանը. հայրս այդ վարժարանը յաճախած է: (…) Մենք կը հասնինք Հալէպ, ուր ալ 1928 թուականի Փետրուար 29-ին կը ծնիմ ես. չորս տարին անգամ մը կը մեծնամ: Վարպետ Մարտիրոս Սարեանն ալ նոյն օրը ծնած է: Մինչեւ հինգ տարեկան դառնալս ես հայերէն չէի գիտեր, յետոյ սորվեցայ, յաճախեցի Ազգային Պօղոս Կիւլպէնկեան վարժարան, որուն բարերարը իր մահացած երախային՝ Պօղոսիկի անունով կոչած էր դպրոցը. Լոնտոնի մէջ մեծ գործարաններու տէր էր, իր կնոջ՝ Վերժինի մահէն յետոյ ալ, անոր անունով՝ Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոց անունով ծննդատուն բացաւ, եւ այն մեծահասակ տղաներուն համար, որոնք չէին կրնար դպրոց յաճախել՝ գործարան հիմնեց, ուր տղաները կրնային սղոցներով փայտ տաշել, փայտ կտրել, գոնէ արհեստ մը սորվիլ: Ան Հալէպի մէջ հիմնեց նաեւ «Եփրատ» օրաթերթը, երկու տարի ինք եղաւ խըմ-բագիրը, յետոյ ուրիշին յանձնեց: Այդ հրաշալի մարդը հայ ազգի մեծ նուիրեալներէն էր: Այնպէս որ Հալէպը մեզի համար կարծես երկրորդ Հայաստան դարձաւ, ուր երկիրէն բերած բոլոր սովորութիւնները պահպանուեցան. Հալէպը այսօր աւերակներու վերածած են: Յետոյ երկու տարի յաճախած եմ Հալէպի Ամերիկեան գոլեճը, ուր տարուան վարձը չէի կրնար վճարել, ուստի ատոր դիմաց կը մաքրէի դասասենեակները: Այդտեղ աւարտեցի 8-ամեակը: Երկրորդական ուսումս շարունակած եմ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ: Հետագային, երբ արդէն ամուսնացած էի եւ երկու երախաներ ունէի, գացինք Պուլկարիա: Ես եւ կինս հետեւեցանք համալսարանական դասընթացքներու. ես երրորդ շրջանի ուսանող էի, կինս՝ երկրորդ, եկանք Հայաստան, մէկ տարի ուսումը շարունակեցինք Պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժինին մէջ, երախաներս յաճախեցին Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոց, այնուհետեւ կնոջս՝ Արմինէի հետ խորհրդակցեցանք եւ որոշեցինք ընտրել բժիշկի մասնագիտութիւն. ուսանեցանք, աւարտեցինք: Սկիզբը գացի Փարիզ, այնտեղ վանեցի մօտիկ բարեկամ ունիմ, որ համալսարան աւարտելու առիթով որոշեց զիս նուէր մը ընել՝ Փարիզ-Վան ուղեւորութեան տոմս: Գացի Վան, գիրք գրեցի Վանի մասին, շատերը ինծի այդ գիրքով ճանչցան: Կարպիսը ինծի տուն տուաւ, բժիշկի գիշերային աշխատանք գտաւ եւ ըսաւ, որ կրնամ Արմինէին հետ, ընտանիքով գալ: Սակայն Արմինէի հետ խորհրդակցեցանք եւ որոշեցինք, որ ծեր ծնողներ ունենալով՝ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ երթանք մեր ծննդավայրը: Գացինք Դամասկոս, աշխատեցայ որպէս վիրաբուժութեան թմրեցնող, որովհետեւ այնտեղ այդ մասնագիտութեան կարիքը կար, եւ իմ կարգիս վիրաբուժութեան թմրեցնող պատրաստեցի, Արմինէն ալ կանանց բժիշկ աշխատեցաւ: Ապրեցանք մինչեւ սուրիական պատերազմը. Արմինէիս հետ ապրեցայ 60 տարիներ. 60 տարիներ մենք երկուքով գիրք կարդացինք, զաւակներս նոյնպէս ընթերցասէր են: Հիմա գերդաստանով այստեղ ենք՝ տղաս իր ընտանիքով այստեղ է, երկու աղջիկ ունի, մեծը այս տարի 10-րդ դասարան փոխադրուեցաւ, աղջիկս մեզի հետ է, եղբայրս՝ իր ընտանիքով, այստեղ ծնած ծոռ ունիմ Արեգի անունով, որ արդէն երեք տարեկան է: Մէկ ծոռ ալ՝ Նոյ անունով, դուրսը կ՚ապրի, այստեղի քաղաքացիութիւն ունի: Մինչեւ Հայրենիքի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատելս՝ ես միշտ եկած եմ Հայաստան, մասնակցած Գրողներու միութեան համագումարներուն, մշտապէս կապ ունեցած եմ հայ մեծանուն գրողներու հետ, այցելած՝ անոնց օճախները, զրոյցներ իրականացուցած, շրջած եմ աշխարհով մէկ, դասախօսութիւններ կարդացած, ելոյթներ ունեցած. երկու անգամ գացած եմ Չինաստան, Հնդկաստան, երկու անգամ գացած եմ Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա, Պրազիլ, տարբեր թեմաներով դասախօսութիւններ կարդացած եմ: Իւրաքանչիւր այցիս վաթսուն ելոյթ ունեցած եմ: Լոնտոնի մէջ դասախօսած եմ Պարոյր Սեւակի մասին՝ ցուցադրելով նաեւ լուսանկարները, Համօ Սահեանի մասին դասախօսած եմ...։ Ամբողջ գիշեր մը Սեւակի հետ զրուցած ու բանավիճած ենք, Համօ Սահեանի յարկին ներքոյ հետաքրքիր զրոյցներ ունեցած ենք…։
Նուիրուեցայ գրական աշխարհին եւ մինչ օրս այդ աշխարհին մէջ եմ, կը գրեմ, կը տպագրեմ գիրքեր տարբեր թեմաներով: Միայն այս տարի գրած եմ ութ գիրքեր, որոնցմէ չեն տպագրուած երեքը. հովանաւոր կը փնտռեմ:
Տարիքիս առումով բան մը պատմեմ. քանի մը օրեր առաջ գացած էի հանդիպման. (Երեւանի Բժշկական համալսարանի շրջանաւարտներէն եմ, ընդհանուր բժշկութեան բաժինը աւարտած եմ, Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ եմ տակաւին 1968 թուականէն՝ ուսանողական տարիներէն) գացի Բժշկականի նախկին տնօրէնին՝ ակադեմիկոս Վիլէն Յակոբեանի մօտ, իմացաւ իմ կատարած հսկայական աշխատանքին մասին, զարմացաւ ու ըսաւ՝ պէտք է բժիշկները խորհրդակցութեան հրաւիրենք, տեսնեն, թէ 90-ի մօտ տարիքին այսքան գործ ինչպէ՞ս ըրած ես...։ Մեր գրողներէն Անդրանիկ Ծառուկեանը երեսուն տարիներ առաջ հարցուց, թէ իմ այդչափ խանդավառութիւնը ե՞րբ պիտի վերջանայ, ես պատասխանեցի՝ լեռներէն բխող աղբիւրին հարցուցէք, թէ ինչո՞ւ գիշեր-ցերեկ անդադար կը բխի. Ծառուկեան ժպտեցաւ եւ ըսաւ, որ շատ լաւ պատկեր գծեցի ու առաջարկեց գրել այդ մասին… Երեսուն տարիներ անց գրեցի այդ մասին եւ տպագրեցի «Անդին» ամսագիրին մէջ: Հիմա կ՚ապրիմ Հայաստան, հայրենադարձ եմ, սփիւռքահայ, սակայն այս բոլորը մէկ անուն ունի՝ հայ...։ Ես ըլլալով սփիւռքահայ՝ կ՚ուզեմ, որ հայաստանցին ճիշդ պատկերացում կազմէ Սփիւռքի մասին: Կը պատրաստուիմ գրել նաեւ իմ կեանքի վէպը. գիրքի ընդհանուր վերնագրի անունն է՝ «Երկիր երթալն է ճիշդ», ատիկա գիրքի առաջին բաժինն է, երկրորդ բաժինը կը կոչուի «Իմ կեանքի վէպը». պետութեան կողմէ պէտք է տպագրուի, խոստացած են ներառել 2017 թուականի ծրագրին մէջ: Երեք հարիւր անուն գիրքեր ունիմ հրատարակուած (խմբագրուած, որոշ մասի յառաջաբանի հեղինակն եմ), որոնցմէ հարիւր քսանը իմ հեղինակածներն են։ Ընելիքներ շատ կան, պէտք է աշխատիմ: Շատ մեծ գրադարան ունեցած եմ, Հալէպի մէջ ալ գրադարան ձգած եմ, սակայն Հալէպէն յոյսս կորսնցուցած եմ: Մէկ-երկու շաբաթէն լոյս կը տեսնէ վեցերորդ գիրքս, եօթներորդ գիրքս գրած եմ Ռուբէն Սեւակի մասին: Ահա իմ կեանքի մեծ պատմութիւնը, որ հնարաւորինս համառօտակի ներկայացուցի Ձեր ուշադրութեան»:
Յիրաւի, գրականութեան անխոնջ մշակի մը մեծ կեանքի մեծ պատմութիւն է. պատմութիւն, որ իր բազմաբովանդակ ու տարողունակ էջերով նաեւ հանրագիտարանային գիտելիքներու շտեմարան եւ հարուստ ժառանգութիւն է սերունդներուն համար:
ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 11/30/2024