ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆ ԶԱՐԿ ՊԻՏԻ ՏԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Պաքուի մէջ յառաջիկայ Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։ Երեք ղեկավարներուն միջեւ նախատեսուած են նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս շրջագծով ուշադրութեամբ կը սպասուի Վլատիմիր Փութինի եւ Հասան Ռուհանիի տեսակցութեան։ Կը հաղորդուի, որ անոնք կը պատրաստուին Պաքուի մէջ քննարկել ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով ռուսական «Իզվեստիա» թերթին յայտնեց, թէ այդ խնդիրը ընդգրկուած է նախագահներու զրոյցի օրակարգին վրայ։ Փութին եւ Ռուհանի կանգ պիտի առնեն Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներուն վրայ։ Արդարեւ, Իրան հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ Ռուսաստանի ամենաարդիկան արտադրանքին նկատմամբ։ Բաց աստի, համագործակցութեան մակարդակին վերաբերեալ զարգացումներ ալ կրնան արձանագրուիլ եւ հաւանական կը նկատուի համատեղ ռազմափորձերու կազմակերպումը։
Պաքու այցելութեան ընթացքին Փութինի ընկերակից պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ նաեւ Ռուսաստանի Փոխ-վարչապետ Տիմիթրի Ռոկոզին, որ պատասխանատուն է ռազմաարդիւնաբերական բնագաւառին։