ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան Սուրբ Երկրի նոր վանահօր՝ Հայր Ֆրանսեսքօ Փաթոյի հետ։ Ծանօթ է, որ Սուրբ Երկրի տէրունակոխ սրբավայրերը միասնաբար կը տնօրինեն հայոց, յունաց եւ լատինաց պատրիարքները։ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ անունով այդ գործը կ՚իրականացնէ Ֆրանսիսքեան միաբանութիւնը։ Հայր Ֆրանսեսքօ Փաթօ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին հետ առաջին անգամ տեսակցեցաւ՝ իր ներկայ առաքելութիւնը ստանձնելէ վերջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ եղբայրական սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին Նուրհան Պատրիարքը շնորհաւորեց Սուրբ Երկրի նոր քիւսթոտը ու մաղթեց յաջողութիւններ։ Ան անդրադարձաւ Հայոց Պատրիարքարանի եւ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան լաւ յարաբերութիւններուն։ Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Հայր Փաթօ վստահեցուց, թէ իր պաշտօնավարութեան շրջանին եւս պիտի շարունակուին դրական յարաբերութիւնները։
Զրուցակիցները անդրադարձան Քրիստոսի լուսաբուխ գերեզմանի նորոգութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին կողմէ մօտաւոր անցեալին Հայաստան կատարուած այցելութեան։
Տեսակցութեան աւարտին նորանշանակ քիւսթոտը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց իտալացի նկարիչի մը իւղաներկ մէկ ստեղծագործութիւնը։
Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններուն միջեւ յարաբերութիւնները արարողակարգայինէն անդին ունին գործնական մեծ նշանակութիւն։ Արդարեւ, Սուրբ Տեղերու վերաբերեալ բոլոր տնօրինութիւնները կը կատարուին անոնց համաձայնութեամբ, հետեւաբար այդ յարաբերութիւններու ներդաշնակութիւնը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։
Եկեղեցական
- 11/27/2024